ստանձնեց այս պաշտօնը, գնաց եւ ետ դարձաւ երեք օրուան մէջ ժողովրդեան յուզումն... սաստկացնելէն ետքը: Իւր անունը անմահացնելու համար կը փափագէր հռովմէական հայերուն բարութիւն մը ընել այնպէս վարուելով անոնց հետ ինչպէս կը վարուի կօշկակար մը իւր աշակերտին հետ: Ժողով կը կազմէր Պելկրատի անտառներուն մէջ ուր թէպէտ եւ կերթար օդ փոխելու, բայց նախագահը փոխելու համար աշխատելէ ետ չէր մնար: Անտառային ժողովին մէջ որոշվեցաւ օր մը եւ դրվեցաւ Բրօբականտային թէ Մարուշ նախագահը ծեր էր, տկար էր, անդամալոյծ էր, անկար էր, եւ վերջապէս էր ինչ որ կ՚ուզէր Հասունեան ընել զայն, եւ թէ` օգնիչ եպիսկոպոսի մը կարօտ էր։ Արդարեւ նախագահը ծեր էր, բայց քանի որ իւր պաշտօնը վալս պարել չէր` իւր ծերութենէն վնաս մը չէր գար ազգային իրաւունքներուն: Բրօբականտան հաւատք ընծայեց իրեն ղրկած գրութեան եւ Հռովմ կանչեց Հասունեանը որ 1842ին հասաւ հոն առանց այս ուղեւորութիւնն ազգին հաղորդելու եւ անոր հաւանութիւնն առնելու եւ օգնիչ եպիսկոպոս ձեռնադրվեցաւ։ 1842 սեպտեմբեր 21ին Պօլիս դարձաւ: Հեղեղի պէս արցունք կը վազէր իւր աչերէն երբ կը տեսնէր որ կը շատնային Պատրիարքին վրայ գանգատներն որոնք իւր գործարանէն կ՚ելլէին, սիրտը պատառ, պատառ կ'ըլլար երբ կը դիտէր որ աղէկ չէին երթար ազգին գործերը զորս ինքը կը խառնէր. կուլար, կ'ողբար եւ կը հառաչէր որ պատրիարքական իշխանութիւնր ձեռք անցունէ եւ ժողովրդեան վէրքերը դարմանէ: Իւր ողբերը մինչեւ Արամազդայ քիթը բարձրացան` փռնգտաց Աստուածներու հայրը, Պատրիարքն իւր աթոռէն վար գլորվեցաւ. Հասունեան բարձրացաւ պատրիարքական աթոռին վրայ. հով, անձրեւ, կարկուտ, փոթորիկ անմիջապէս հասան. շատ մը տուներու ապակիներն փշրվեցան. մեծ ծառեր արմատախիլ եղան, քանի մը տուներ կործանեցան:
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/110
Արտաքին տեսք