Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/116

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ձեր բռնած ճամբան անհամաձայն է քրիստոնեական ոգւոյն: Ուստի ամենեւին անվստահ ըլլալով ձեր վրայ դարձեալ հաստատութեամբ կը նորոգենք մեր բողոքը աշխարհի առջեւ որ ասկից ետքը մէկ կերպով մը չենք ճանչնար զձեզ մեզի հովիւ եւ առաջնորդ... գնա', մարդ Աստուծոյ, թող տուր քիչ մը մեր օձիքը:»

Հասունեան այս պատասխանը կարդալով աչերը վեր կը վերցունէր եւ կաղօթէր. Հայր թող սոցա զի ոչ գիտեն զինչ գործեն. աղօթքը լմեցնելուն պէս ինքնիրեն կ'ըսէր. դուք մի' ուզէք զիս, ես զձեզ կ'ուզեմ:

1857ին հոգեւորական իշխանութեան համար տէրութենէն պերաթ ընդունեց որով իրաւունք ստացաւ իր ձեռնադրած եպիսկոպոսներն ուզած տեղը ղրկել առանց ազգային իշխանու թեան հարցնելու: Այս պէրաթի խնդիրն ազգը տակնուվրայ ըրաւ: Ամեն անիրաւութիւն կ'ընէր, կ'ըսէին, եւ երբ Դուռը բացատրութիւն պահանջէր` այդ գործը հոգեւորական է ինձի կը վերաբերի կը պատասխանէր։

Հասունեան քսան տարի վանականներու եւ ազգին դէմ մաքառելէ ետքը ուզեց որ Կիլիկիոյ Տան աթոռն Պօլսոյ աթոռին քով դնէ, միացնէ զանոնք եւ երկու աթոռներուն վրայ նարտ մը դնելով իւր ժողովրդեան հետ խաղայ եւ զուարճանայ: Կիլիկիոյ Տան կաթողիկոսն բանակցութեան մտաւ Հասունեանի հետ, որ լռեց երբ տեսաւ թէ հակառակ սկզբունքներուն վրայ պիտի հիմնվէր այս միութիւնը:

1865 Դեկտ. 23ին հողին կը փչէ Կիլիկիոյ Պատրիարք Գրիգոր Կաթողիկոսը. 1865 Դեկ. 28ին նոր հողի կ՚առնէ Կ.Պօլսոյ նախագահ Անտոն Հասունեան: Վանականներն իրենց սահմանադրութեան համեմատ անմիջապէս գաղտնի քուէարկութեամբ տեղապահ կ՚ընտրեն Դաւթեան Սերովբէ վարդապետը: Նախագահ արքեպիսկոպոս Գասպարեան Բարսեղ անպատուութիւն սեպելով իրեն վրայ պարզ վարդապետի մը տեղապահ ընտրվիլը`անմիջապէս պէտք եղած 33—Ագգային Ջոջեր