Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/117

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տեղերը կը դիմէ եւ Երուսաղէմայ Լատին Պատրիարք մօնսինեօր Վալէրկայի ազդեցութեամբ եւ մէկու մը ձեռամբ Դաւթեան վարդապետը հսկողութեան ներքեւ կը բանտարկվի սա յանցանքով թէ՝ ինչու միաբանները իրեն շատքուէ տուած են: Հասունեան ամեն ճիգը թափելով կաթողիկոս կ՚ընտրվի միշտ կրկնելով թէ «եթէ հանգուցեալ կաթողիկոսին իրաւունքներէն Հռովմ փոքր փոփոխութիւն մը ընել ուզէ, բնաւ յանձն չեմ առներ կաթողիկոսութիւնը Աստուած մի արասցէ, իմ նախագահութիւնս ինձի բաւական է:» Ասոր վրայ կ՚ելնէ Հռովմ կ'երթայ իւր կաթողիկոսութիւնը հաստատել կուտայ եւ ետ կը դառնայ րէվէրսուրուսով մը որ հռովմէական հայերը ամեն իրաւունքներէ կըզրկէր:Դարձեալ կռիւ եւ վէճ Բ. Դուռը ա՛լ ձանձրանալով Հասունեանի ընթացքէն, ինչպէս որ մենք ալ ձանձրացանք անոր ըրածներն պատմելէն, Մահմուտ Նէտիմ բաշային օրով կը վճռվի որ այս բարի մարդը քիչ մը դուրս ելնէ օսմանեան հողէն: Հասունեան բանադրելով իր... բաղդը Պօլիսէն կը մեկնի եւ Քիւբէլեան պատրիարք կ՛ընտրվի կախակայեալ եւ բանադրեալ հռովմէական հայերու։ Հասունեան պարապ չնստիր. կը համոզէ Քիւբէլեանը որ ագարակի մը դատն վաստկած ըլլալով Հասունեանի թշնամի ըլլալու պատճառ մը չունէր այլ եւս, որ պւստրիարքութենէ հրաժարվի: Քիւբէլեան զղջումի կուգայ Ս. Պապին առջեւ մեղւսյ կը գոչէ ազգին իրաւունքներն քանի մը տարի պաշտպանելով մեծ մեղք գործելուն համար: 1879ին Հասունեան պատրիարք» կ'ընտրվի:

Հոս կը վերջանայ ահա կենսագրութիւնն այն մարդուն որուն դէմքն օր մը պզտիկ տղայ մը տեսնելով վախցած է եւ մինչեւ այսօր կուլայ։