Փափազեան, որ աշխարհ գալէն աւելի կը փափաքէր Ղալաթիոյ խորհրդարանը գալ որպէս զի հոն ամուր դիրք մը բռնելով դիւրութեամբ կարենար պաշտպանել ազգային շահերն որոնց մէջ ինքն ալ խոշոր շահ մ'ունէր անշուշտ իբրեւ ժողովրդեան խոշոր մէկ անհատը,Փափազեան,կ'ը- սեմ, ջանաց առջի բերան քիչ մը բարեփոխել այս որոշումն իսկ երբ համոզվեցաւ որ անկարելի էր` հաւանեցաւ Խաս- գիւղ գալ 1839 թուականին Նոյեմբեր ամսուն մէջ:
Այս տղան ծնելուն պէս թմրութեան մէջ ինկաւ. կեն- դանութեան նշան մը չէր երեւար իր վրայ եւ մանկա- բարձն պատրաստվելու վրայ էր վերջին բառն ըսելով յայտնելու թէ մեռած է երբ յանկարծ կր տեսնէ որ ա- նոր լեզուն կը շարժի: Այս լեզուն որ քանի շարժէր կը մեծնար՝ երեք վայրկեանի մէջ Մայր եկեղեցւոյ աւագե- րէցին հողաթափին չափ մեծցաւ: Ներկայ եղողներն ապ- շած իրարու երես կը նայէին երբ զարմացմամբ տեսան որ երախային լեզուէն գեղեցիկ տղայ մը կը ծնէր: Մանկաբար- ձը նախ կը սոսկայ․ բայց յետոյ յիշելով որ Ադամայ կողէն կին ստեղծող ամենակարողն չտկարանար Փափազեանի լեզ- ուէն ալ էակ մ'ի լոյս բերել, կը վանէ սոսկումն, կը գրկէ լեզուածին մանուկն եւ խանձարուրի մը մէջ կը փաթաթէ զայն: Աւելորդ է ըսել որ ժողովրդականութիւն էր այս լեզ- ուածին եւ գրաւիչ մանկան անունը, քանի որ ազգին մէջ առած դարձած է այն խօսքը թէ ժողովրդականութիւնը Փափազեանէ ծնունդ առած է։ Չեմ կարծեր որ գտնըվի մէկն այսօր եւ ինծի հարցունէ թէ ինչո՝ւ Ադամայ կողէն Եւա ել Փափազեանի լեզուէն ժողովրդականութիւն ծնաւ․ վասն զի ամենքս ալ գիտենք որ մարդս ինք իր գլխուն տկար էակ մ՚է եւ անպատճառաւ ընկերի պէտք ունի: Ադամ կնկան մը պէտքն ունէր, ստացաւ զայն կողէն. Պրահմա քահանա- յի, պատերազմողի եւ. արհեստաւորի պէտքը կ'զգար, ստեղ- ծեց զանոնք իր գլխէն հանելով առաջինը, բազուկէն քաշե- լով երկրորդը, ոտնէն առնելով երրորդը. Փափազեան ժո-