ՍՏեՓԱՆ ՓԱՓԱՋեԱՆ
Ստեփան Պեր6 Պօղոս Փափազեան, դասատու, տզզային երեսփոխան, ատելութիւն տուաւ աշխարհին այն ձեւով որով դարուս մարդերն իրարու կ'այցելեն.այսինքն կանխալ հարցուր աշխարհին թէ ժամանակ ունի' իւր այցելութիւնն ընդունելու: Գինեմոլի մը քթէն աւելի կարմիր սահմանադրական եւ ժողովրդեան իրաւունքներուն տենդէ մը աւելի ջերմ պաշտպան ըլլալով' նախապէս հասկնալ ուզեց թէ միգուցէ իր աշխարհ զայն (խասէ ազգային շահերուն. ուստի մօրն արգանդէն հարցում մը ներկայացուր հետեւեալ իմաստով»։
«Իմ աշխարհ գալս ժողովրդեան իրաւունքներուն հակառա՞կ է թէ ոչ:»
Այս հարցումն կարծիքներու տարաձայնութիւն մը գոյացուր ազգին մէջ: Մէկ մասն որ ամիրայական էր Փափազեանի ծնունդն հակառակ զատելով ազգային շահերուն անոր հարցման հետեւեալ կերպով կը պատասխանէր:
«Եթէ ձեր աշխարհ գալը քիչ մը երկարաձգէք` ազգին մեծ ծառայութիւն մը ըրած կ'ըլլաք:»
Միւս մասն որ ժողովրդական էր եւ որուն մէջ սխալմամբ սպրդած էին քանի մը ամբաստանած կրօնաւորներ որոնք, արդարանալու համար, անհամբեր Փափազեանի գալստեան կ՚սպասէին, անոր ծնունդը համաձայն կը կարծէին սպրդած շահերուն էլ իւր հարցման այս պատասխա նը կուտային.
«Կարելի եղածին չափ շուտ գալու աշխատեցէք:»
Այս վերջին մասը մեծամասնութիւն կը կազմէ եւ կ'որոշէ որ Փափազեան ազատ է աշխարհ գալու: