Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/12

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

հրաժարինք մանրամասնօրէն պատմելէ այն կեանքն զոր վարեց Խորէն Թէոդոսիոյ մէջ. այո՛, կը հրաժարինք, որովհետեւ դժբախտութիւնն այն եղանակով հալածեց զինք Թէոդոսիոյ մէջ ինչ եղանակով որ կը հալածէ մէկն իւր սպասաւորն որ տան տիկնոջ աչք կը տնկէ: Կրօնաւոր մը այսչափ հալածվելու չէր ... կրօնաւորէ մը: Եւ միթէ հալածումը յաջողեցա՞ւ անոր սկզբունքն փոխելու. բնաւ երբէք. այլ, ընդհակառակն, աւելի եւս քաջալերեց զայն իւր սկզբունքին մէջ: Սկզբունքը, կ՚ըսէ Աղէքսանդր Տիւմայի որդին, բեւեռներու կը նմանին, որչափ զարնես անոնց զլխուն՝ նոյնչափ աւելի կը հաստատվին:

1864ին դարձեալ ստիպվեցաւ Պօլիս դառնալ. ուր քանի մը ամիսէ ետքը Բերայի քարոզչութեան պաշտօնը ձեռք անցուց: Իրեն համար կրնանք ըսել ինչ որ կ՚ըսեն Պղատոնի համար, թէ մեղուները մեղր քսած էին անոր շուրթերուն—թէպէտ եւ ուրիշներն ալ քիչ մը կարմիր քսած էին —այնչափ պերճախօս էր: ժողովուրդը մինչեւ այսօր սիրով մտիկ կ՚ընէ անոր քարոզները մինչեւ վերջը եւ առանց քրտինք թափելու: Իւր քարոզներն աւելի կը փայլին քան իւր մազերը: Ի՛նչ հարկ կայ երկարելու. կէտեր կան որոնց մէջ Խորէն տեսականի մարդ է եւ գործնականի չգար. կէտեր ալ կան որոնց մէջ միայն գործնական է: Դժբախտութիւնն հոն ալ վաղեց քանի մը տարիէն. հոն ալ հալածեց զինքը, եւ Խորէն յօժար կամքով հրաժեշտ տուաւ իւր պաշտօնին... երբ թաղեցիները վար առին զինքը:

1867ին եկեղեցական պատգամաւոր ընտրվելով՝ Վեհափառ Գէորգ կաթողիկոսին յուղարկաւորութեանը գնաց մինչեւ էջմիածին, ուր եպիսկոպոսութեան աստիճան բարձրանալէն ետքը Պօլիս վերադարձաւ եւ Պէշիկթաշի քարոզիչ անուանվեցաւ: Յիշեալ թաղին վարժարաններու վերատեսչութիւնն ստանձնելով բարեկարգութեան ձեռք զարկաւ։ Աշակերտներուն սիրտն ու միտքը մշակելու համար անոնց հագուստները հանել տուաւ եւ համաձեւ զգեստ շինել տալով