մանաւանդ թէ ամէն մարդ գովելու պարտաւոր է զինք այն նախատեսութեան համար որով գուշակած է թէ Հայ ազգին մէջ աւելի կը վաստըկի այն մարդը որ ահ ժողովուրդ, վահ ժողովուրդ կը պօռայ, քան այն որ ուղղական բան, սեռական բանի ըսած ժամանակը միւս կողմէն բաժանորդներուն ոտները համբուրելով կ՚աղաչէ որ հաճին իրենց բաժանորդագինը վճարել: Իսկ գալով այն հարցման թէ ժողովըրդականութիւնը ինչո՛ւ անոր լեզուէն ծնաւ եւ ոչ սըրտէն, կը պատասխանենք որ մարմնակազմութեան տեղեկութիւն ունեցողներուն յայտնի է արդէն որ լեզուն ասանկ բաներու ծնունդ տալու համար սրտէն շատ աւելի դիւրութիւններ ունենալով ժողովրդականութիւնը չէր ուզած անոր սրտին նեղութիւն պատճառել: Փափազեան թէպէտ եւ գիտէր թէ ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ զինքը քարկոծելու. բայց գիտնալով նաեւ թէ մէկը քարկոծելու համար անպատճառ իրաւունք ունենալու չէ հրահանգ ղրկել կնքահօրն որ անունը Ստեփաննոս դնէ:
Փափազեանին հանճարը լեզուին վրայ ամփոփված ըլլալով չորս ամիսէն խօսիլ սկսած էր եւ Լրագրի խմբագիրէն շատ աղէկ կր հասկցունէր իւր միտքը:
Մանկութեան օրերը խօսելով անցունելէն ետքը 1849ին Խասգիւղի թաղային վարժարանը մտաւ նայելու համար թէ... ո՛վ կայ ներսը: Տարիի մը չափ հոն մնաց եւ սորվելէն ետքը թէ բան մը սորված չէր՝ իրեն յարմար վարժարան մը փնտռելու համար դուրս ելաւ: 1850ին ազգային հիւանդանոցը գնաց: — Եթէ Փանոսեանի տնօրէնութեան ժամանակը գացած ըլլար՝ անպատճառ խենդերու քովը պիտի դրվէր. վասն զի այս երկուքին կարծիքներն շատ հակառակ են իրարու—: Քիչ ժամանակի մէջ շատ յառաջ գնաց մայրենի լեզուին մէջ: Այնչափ լաւ սերտեց քերականութիւնն որ շիտակ խօսիլ ու գրել սորվելէն ետքը շիտակ չխօսիլ ալ սորվեցաւ բաւական: Այն ատենուան բոլոր քերականութիւններն աչքէ անցունելէն ետքը՝ ինքը գրեց հատ