Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/122

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մը եւ անկից դաս տալ սկսաւ .. իրեն: 1854ին հողագործութեան դասախօսութիւն բացւած ըլլալով յիշեալ վարժարանին մէջ՝ սկսաւ մշակել նաեւ այս ճիւղը զոր բաւական ընդարձակեց: Հող ճանաչելու մասին իրեն հաւասարող չկար. չէր քաղեր ինչ որ կը ցանէր, շատ անգամ ելակ կը տնկէր եւ կաղամբ կը քաղէր: Ենթադրելով թէ հողն ապերախտ չգտնվէր իրեն՝ մենք կ՛ըսենք որ ժողովրդեան շահերը պաշտպանելու կոչված մէկը դդումի կամ շողգամի իրաւունքներու հետ զբաղելու ժամանակ չկրնար ունենալ:

1856ին դասատուութեան ճամբով ժողովրդականութեան հասնելու նպատակաւ Իզմիրի Մեսրոպեան վարժարանի հայկաբանութեան դասատու կարգվեցաւ: Չորս գործողոլթիւնները միայն պարունակող համառօտ թուաբանութիւն մը հրատարակեց հոն: Ամեն անդամ որ աշակերտներու մէջ թուաբանական խնդրոյ մը վրայ վիճաբանութիւն կ՚ըլլար՝ ինքը միշտ մեծամասնութեան կողմը կը գտնվէր... ժողովրդականութիւն վաստըկելու համար:

Վարժարանին մէջ օր մը կռիւ կը ծագի երկու աշակերտներու մէջտեղը որոնք իրարու գլուխ կը պատառէին: Փափազեան կը տեսնէ եւ անմիջապէս անոնց քովը կ՚երթայ:

—Վարժապե՜տ, առաջ ան ինձի զարկաւ:

—Ինչո՞ւ զարկիր պարոն:

—Վարժապետ, մէկ անգամ չորսը մէկ կ՚ընէ՝ կ՚ըսէ:

—Ան ալ կ՚ըսէ որ մէկ անգամ չորսը չորս կ՚ընէ:

—Ասոր համար իրարու գլո՞ւխ պատառելու է: Կարծիքներու ազւստութիւնը յարգելու էք:

—Բայց վարժապետ կարելի՞ է որ մէկ անդամ չորսը մէկ ընէ։

—Կարելի է որ ընէ:

—Ինչպէ՞ս հասկնալու է:

— Քուէի դրէք, մեծամասնութիւնն որ կողմն որ գոյանայ ուղիղն ալ այն կողմն է:

Տասնի չափ աշակերտներ խնդիրը քուէի կը դնեն եւ