Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/124

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

աշակերտներ ընծայած է ազդէն: Երկար տարիներ դասախօսութիւն եւ տնօրինութիւն ըրած է Ղալսւթիոյ վարժարանին մէջ զոր միշտ թաղային միւս վարժարաններէն բարձր դիրքի մը մէջ պահելու յաջողած է եւ գործող մարդ ըլլալն անհերքելի կերպով հաստատած է:

1860ին սկսաւ դասագիրք յօրինել իւր աշակերտներուն համար։ Յօրինեց համառօտ Ազգային Պատմութիւն մը որուն մէջ թագաւորներուն այցետոմսերը միայն ղրված էին: Աշակերտներն մարզպաններուն, պատրիկներուն, իշխաններուն եւ թագաւորներուն անունները միայն կը սորվէին եւ կէս ժամէն ետքը կր մոռնային: Տիկին Մարթա պատուհանին առջեւը նստած՝ փողոցէն անցնող մէկու մը վրայ աւելի կատարեալ տեղեկութիւն կրնայ տալ քան Փափազեան իւր յօրինած Ազդային Պատմութեամբը Հայ դիւզացներուն վրայ եթէ չէք Հաւատար բացէք անոր պատմութիւնը որպէս զի տեսնէք միայն հետեւեալ հարցումները. —Ո՞վ էր Հայկ.

— Բելն որո՞ւ, զաւակ է.

—Սա մարդն Արամին աներձագը չի՞ նմանիր.

— Արային հայրր մօրուք ունէ՞ր.

—Տիգրանին քեռա՞յրն է սա:

Պէտք է խոստովանիլ որ համառօտութեան մէջ մինակ չէ Փափազեան, մրցողներ ունի իւր դէմ. եւ եթէ այս մրցումը շարունակվի՝ քանի մը տարիէն տասը տողի մէջ պիտի կրնանք կարդալ մեր Ազգային Պատմութիւնը: Այդ պատմութիւններու մէջ, համառօտութեան համար, մօրուքը ճերմկցած անձերն նորածին երախաներ ներկայացված են, դարերը վայրկեանի մը մէջ անցած են: Ծննդոց գիրքը բաղդատմամբ այն պատմութիւններուն՝ ընդարձակ գործ մը կրնայ համարվիլ: Հայկայ անունը գիտնալն անոր վրայ կատարեալ տեղեկութիւն առնել է, իսկ անոր բազկին վրայ ծանօթութիւն ուզելն մեծ ժամավաճառութիւն է: Հրատարակեց նաեւ Քերականութեան ձագ մը որուն վրայ ալ խօ-