129 որոնց վրայ գրված ոտանաւորներուն մէջ վանկ մը կը պակ- սի. վատն առանց Հրաւէրի կուգայ այդ պակասը կը լեցու- նէ: Այսչափ չէ. սպաննութեան ալ կը դիմեն. բառերն ի- րենց ձեռներուն մէջ այնքան արժէք ունին որչափ լաթի մը կտոր դերձակներուն քով. գլխէն, մէջքէն կամ պոչէն կը կտրեն զանոնք. մեր լեզուին բառերն անկարելի է ճա- նաչել անոնց ոտանաւորներուն մէջ' ասելը սելի կը փոխ- ուի. նուէրը երբ ոտանաւորի մէջ ներկայանալ ուզէ գլու- խը կը բանայ եւ ուեր կը մտնէ հոն: Աւելին կայ. երբ ա- րեւուն ծագումը ծանուցանել ուզեն ասոնք' ամենը մէկէն վարդամատն Արշալոյսին կը դիմեն. որո՞ւ երթայ խեղճը, հազար մատ ալ ունենար' չէր կրնար ամենը գոհ ընել: Փափկիկ, լուսին, սրինգ, մարգագետին, սոխակ, մանսււանդ կուսիկ իրարու ձեռներէ կը յափշտակվին եւ կ՚երթան մըտ- նել ամեն ոտանաւորներու մէջ: Երբ բանաստեղծութեան գիրք մը կարդալ ուզես՝ կը տեսնես որ թուղթերն իրենք իրենցմէ կը դառնան, վասն զի իւրաքանչիւր էջին մէջ գե- փիւռը կը փչէ. չմոռնանք ըսել որ եթէ առանց հովանոցի զանոնք կարդալու ելնես՝ Եգիպտացի մը կը դառնաս, այն- չափ կ՛երիս արեւէն որ իւր ճառագայթներն միշտ արձա- կած է Հոն: Փառք տուր Աստուծոյ եթէ Հոն փչած սիւքէն մսելով չՀիւանդանաս: Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ մէկը Մասիսի մէջ ջրհեղեղ մը նկարագրած էր, որուն մէջ մազ էր մնացեր որ Նոյ նաՀապետն ալ խղդվէր. Աստուած իսկ ջուրերուն մէջ պիտի մնար եթէ առաջուց չփախչէր: Երբ քննադատ մ՚ելաւ եւ դիտողութիւն ըրաւ սա պատասխանն առաւ թէ' Միթէ ամենակարողն Աստուած կարող չէ ինք- զինքն ազատել: Եթէ Պարնասայ տնօրէնութիւնը երբեմն տպագրական Տեսչութեան անդամ Պարնասեանի յանձնը- ված ըլլար' այդ քերթողները կը պատժըվէին, Ապողոնն այսչափ ստորնացուցած ըլլանուն Համար: Ես որ նախա- պատիւ կը Համարիմ' ոսկի չունիմ ըսելը քան կտոր մը պը- ղինձն իբրեւ ազդային ոսկի ներկայացնելն եւ ծաղու նշա- 33—Ազդային Ջոջեր 8
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/132
Արտաքին տեսք