Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/133

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

130 ւակ ըլլալն, ես որ վերջապէս չեմ կարող պղինձն ոսկի անուանել, ի՞նչպէս յանդգնիմ այսօր Միսս/քեանը Պուէտ յորջոջել, ամանաւանդ թէ ասպարէզի վրայ ոտանաւոր մը միայն ունի որ աւելի անօթութենէ ներշնչըված է քան թէ մուսաներէ։

    Այսպէս Միսաքեան գրական ասպարէզին վրայ Հարստահարիչ ՛Բիւրտի մը պէս ուրիշներու ստացուածքն յափըշտակելով իբրեւ մի սագ Պուէտի փետուրներով զարդարվելէն վերջք Ճեմարանի աշակերտներուն դաս տալու տեղ սկսաւ ապտակ տալ։ Բնաւորութիւն ունէր ճաշէն առաջ տղայ մը ծեծել ամեն օր. եւ ամեն անգամ որ տնտեսը վարէն մեղայ վարժապետի ձայնն առնէր Միսաքեանի կերակուրը պատրաստեք կ'ըսէր։ 
    Ճեմարանի գեցվելէն քանի մը տարի ետքը քանի մը տղայ տուին իրեն, ոչ թե զանոնք ծեծելու այլ հետը Բարիզ տանելու եւ դպրոց դնելու համար։ Միսաքեան առաւ զանոնք, Բարիզ տարաւ և տեղաւորեց. ինքն ալ սենեակի մը մեջ քաշվելով սկսաւ տքնիլ։
    1860ին խնդիր ծագեցաւ ազգին մէջ թէ Երուսաղէմայ Պատրիարքն ներսէն ընտրվելու է թէ դուրսէն։ Միսաքեան որ սենեակէն դուրս ելած չունէր՝ բնականաբաչ դուրսին վրայ գաղափար չէր կրնար ունենալ. ուստի Երուսաղէմայ Պատրիարքութեան խնդիրն իւր սենեակին տեսակէտով ըմբըռնելով՝ կարծիք յայտնեց թէ ներսէն ընտրվելու է։ 
    Նոյն թուականին էր որ Միրիքէլամի խնդիր մը ելաւ. բողոքականի մը Հայերու գերեզմանատան մէջ թաղվելու խնդիրը։ Յիշեալ բողոքականին մարմինը Պալըգլըյի գերեզմանատունէն հանվելով բողոքականնորու յատուկ գերեզմանի մը մեջ թաղվելէն երկու ամիս ետքը Միսաքեան Փարիզէն կարծիք յայտնեց թէ՝ այդ մարդը Հայ գերեզմանատան մէջ մտնելու իրաւունք չունի, թէ գերեզմանատունը եկեղեցի մ'է։ Այն ատեն մեծ համբաւ հանեց այդ յօդուածն՝ որ ամոզելու նպատակաւ գրված էր անշուտ եւ որուն մէջ