Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/139

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

136 միտքը բացատրելու կերպը չի գիտեր: Ոճը ցամաք է, զարդարուն չէ. դրութեան մէջ ճարտասանութեան կանոն չկայ, կապ չկայ. ուժգնութիւն տալու համար զօրաւոր բառեր չէ կարողացած գտնել. եթէ ասոնք ըլլային՝ թերեւս ընդունե¬ լութիւն գտնէր: Իրմէ՞։ Քաւ լիցի։ Ժողովրդեան ռամիկ մասէն:»

Եթէ զինքը քիչ մը շողոքորթես՝ կ'ելնէ սնտուկը կը բանայ կտոր մը թուղթ հանելով կ'սկսի կարդալ իր մէկ բանաստեղծութիւնն՝ նախապէս յայտնելով թէ շատոնց ի վեր գրած է եւ վրայէն գոնէ անգամ մը անցած չէ, թէպէտ եւ հազար անգամ սրբագրած է: Իւր քերթուածը կարդացած ատեն զգուշացիր փռնգտալէ կամ հազալէ, վասն զի իրեն թշնամանք կը համարի եւ թուղթը կը ծալլէ ծոցը կը դնէ: Իսկ եթէ մինչեւ վերջը արժանանայ կարդալու իւր ոտանաւորն՝ եւ առաջարկվի իրեն որ հանդէսի մը մէջ հը-

րատարակվի այն՝ պարապ աշխատութիւն է, կ՚ըսէ, վասնզի իմ գրածս հասկնալու կարողութիւն ունեցող մուրդ չկայ:

Փողոցն ելած ժամանակը մինակ չպտտիր, շատ անգամ Օտեան էֆէնտիի, Ստեփան վւաշայի, Եուսուֆեան էֆէնտիի հետ կը պտտի, ինչպէս նաեւ գրական ասպարէզն ելած ատենն ալ մէկ թեւը Հոմերոսին կուտայ ել միւսը Ովիտիոսին:
Եթէ կը փափաքիք Միսաքեանի դէմքին վրայ ծանօթութիւն առնել յիշեցէք դԼմքերն այն մարդերուն որոնք օր մը լոելով որ Դիոգինէս հրապարակի վրայ մարդեր, մարդեր կը պոռար անոր շուրջը խմբվեցան եւ հետեւեալ պատասխանն արւին.
«Ես մարդ կանչեցի դուք ինչու՞ եկաք:»

I