Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/140

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՍՈՒՔԻԱՍ ՔԱԶԱՆՃեԱՆ

Ահա ջոջ մ՚ալ որու ծննդեան թուականը մեզի մութ է։ Եթէ մեր քաղած տեղեկութիւններուն պէտք է հաւատք ընծայել՝ կան ըսողներ թէ Սուքիաս Քազանճեան ծնած է Միջագիւղ սատանայէն երկու օր առաջ, թէպէտ եւ կարծողներ ալ կան թէ չորս օր ետքը ծնած է: Լա՛ւ․ բայց սատանայի ծնութեան թուականը ո՞րն է։ Եթէ Քազանճեանին ծննդեան թուականը գտնաս, կ՚ըսէ Հասունեան գոնէ մտքէն, սատանայինն ալ գտած կ՚ըլլաս: Մենք, մեր սովորութեանը համեմատ, առանց ականջ կախելու ամեն զրոյցներու ամենէն հաւանականն ընդունելով կը գրենք որ Հասունեանի մօրաքրոջը տղան ծնած է, Միջագիւղ, 1820 թուականին որ շատ կը յարմարի իւր դէմքին թէպէտեւ քիչ կը վայլէ իր եռանդին: Եթէ Անտիոքայ արքեպիսկոպոսն չուզեր ընդունիլ այս թուականն՝ ուրիշ մը տալու համար ընդդիմութիւն չենք ըներ, բայց քանի որ դէմքին յարմարեցաւ կը կարծենք որ այս թուականաւ գոհ կ՚ըլլայ: Կը կարծենք․ եւ կը կարծէք թէ կարծելու փաստ չունի՞նք․ չե՞նք տեսներ ամէն օր կիներ եւ օրիորդներ որ երբ Բէրա ելնեն իրենց գլխարկ մը առնելու, միշտ նախապատուութիւն կուտան այն գլխարկին որ աւելի կը վայլէ իրենց դէմքին: Թուականներու հետ ալ այնպէս վարվելու չե՞նք ինչպէս կը վարվի գեղեցիկ սեռը գլխարկներու հետ․ վաթսուն տարեկան մարդու մը քառասուն տարին քիչ կուգայ․ երեսուն տարեկան մը յիսունը չէ կարող տանիլ: Գոհ եմ որ մարդու մը, մանաւանդ ուսումնականի մը կ՚ուղղեմ այս խօսքերը․ եթէ կնկան մը խօսէի՝ սոսկալի վէճ մը կը ծագէր եւ անէծքներու ներքեւ կը ճնշվէի։ Բայց թողունք այս խորհրդածութիւններն եւ գուշակութիւններն ու դառնանք մեր նիւթին։