Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/151

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ՎԱՀԱՆ ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻ



1850ին Պարտիզակ ծնած է Վահան վարդապետ, երեսփոխան, թատրերգակ, առակախօս, այցելու եւ պատուիրակ բարձր Հայաստանի: Այնչափ բարի զաւակ մ՚էր որ իր ծննդենէն երկու ամիս առաջ հայրը մեռաւ, իւր տղուն երեսը չը տեսնելու համար. երկու ամիս ետքն ալ մայրը հոգին փչեց, իւր զաւակին երեսը տեսած ըլլալուն համար:

Կնքահայրն, որ այսօրուան բոլոր կնքահայրերու պէս իւր սանին երկու անուն դնելու մոլութիւն ունէր, Լիլլի Կապէ անուանեց զայն որ ըսել է Խեռ Կարապետ: Եւ արդարեւ սանն իւր առաջին անուանը հաւատարիմ մնալու համար բան մը չխնայեց. վեց տարեկան էր երբ թռչուններ, հաւեր, սագեր ու բադեր կը զարնէր նետով. երբեմն ալ ամբողջ օրերը խաղալով կ՚անցունէր շուներու հետ որոնց աչերը կը հանէր:

Թաղական Խորհրդոյ որոշմամբ 1858ին Փրկիչ կը ղրկվի Կարապետ․ բայց հոն ալ խելօք չնստիր. դասերը սորվելու տեղ ճանճ որսալու արհեստը կը մշակէր: Կառավարիչն` անկարող այս աշակերտն ի կարգ բերելու, անառականոց կը դնէ զայն որպէս զի հոն սորվի իւր չգիտցած անառակութիւնները: Երկար ատեն չկրնար մնալ այս յարկին մէջ, վասն զի 1862 թուականին երբ Փրկիչը բարեկարգելու համար բոլոր աշակերտները կը վռնտվին յիշեալ վարժարանէն, Կարապետ ալ Պարտիզակ կը դառնայ:

Պարտիզակ դառնալուն պէս Կարապետ կ՚ուզէ թաղականներէն վրէժ լուծել․ ուստի կ՚սկսի անոնց եզներուն, էշերուն եւ գոմէշներուն պոչը կտրել: Թաղական Խորհուրդը կը տնօրինէ որ այս տղան նորէն Փրկիչ ղրկվի եւ Կարապետ