Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/152

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

1863ին վերստին Փրկիչ կը մտնէ: Մէկ ու կէս տարի կը մնայ հոն եւ ամեն ուսումէ ու գիտութենէ մէկ երկու տրամ բան առնելով 1865ին քօլէրայի պատճառաւ կ՚ստիպվի նորէն իր քաղաքը դառնալ:

1866ին վերստին Պօլիս կը դառնայ եւ պայտավաճառի մը քով աշակերտ կ՚ըլլայ: Այն թուականին պայտավաճառները կօշկակարներէն շատ աւելի դրամ կը վաստկէին․ վասն զի դրամական նեղութիւնն այն ատենները խիստ զգալի չըլլալով՝ ձիերն ու էշերն հիմակուան պէս երկու ժամ չէին խորհեր թէ ուր կոխելու են որպէս զի իրենց կօշիկները չհիննան եւ, հետեւապէս, չստիպվին բոկոտն քալելու: Կարապետ կարծելով թէ այս ասպարէզին մէջ կրնայ մեծ մարդ ըլլալ՝ ինքզինքն իւր տիրոջը սիրելի ընելու համար բոլոր աշխոյժն ի գործ կը դնէր: Շատ ապրանք ծախելու համար ունեցած եռանդն զինքը ծայրայեղութեան կը մղէր․ երբ կր տեսնէր այնպիսի մարդեր որոնք դիպուածով հարստանալով, դիպուածին արդիւնքն իրենց խելքին կ՚ընծայէին, կը կանչէր զիրենք ըսելով. «Հրամմեցէք, աղէկ կօշիկներ ունիմ ձեզի համար․․․ Պարտիզակէն եկած․․․։»

Սակայն այսչափ աշխատութեան փոխարէն չը յաջողիր իր նպատակին հասնելու: Տէրն՝ որ կերակուր ուտելէն վերջը չէր քալեր որպէս զի կերածը չմարսէ եւ նորէն ուտելու համար ստակէ չելնէ, գիշեր մը կը ճանբէ Կարապետն՝ որ անկողինը կռնակը շալկելով դուրս կ՚ելնէ խանութէն: Չը մոռնանք հոս յիշել որ Կարապետ պարապոյ ժամերը կատարելագործելու կը զոհէր ինչ որ սորվիլ սկսած էր անցեալին մէջ:

Այն որ անկարող է իւր առաջադրած նպատակին երթալ՝ ականջները կր բանայ բախտին եւ անոր կոչած տեղը կ՚սկսի վազել։ Կարապետ իւր աշխուժութեամբը կրնար թերեւս առեւտուրի մէջ մեծ մարդ ըլլալ, բախտը զինք ուրիշ տեղ կը կանչէ․ կամ երթալու է եւ կամ անօթի մեռնելու է: Թորոս բեռնակրութեան կոչում ունի. կոչումը