ղէմայ Պատրիարքէն վրէժ լուծելու նպատակաւ: Այսպէս օճախին ծառայելէն ետքը անոր պետին կը դիմէ վարձատրվելու համար։ Օճախին գլուխը գիշեր մը Հասգիւղ Ամեն. Ներսէս Ս. Պատրիարքին — այն ատեն տեղապահ — տունը կ՚երթայ եւ հետեւեալ անուանումները կ՚առաջարկէ․ «Մամբրէ եպիսկոպոսն Մշոյ Սուրբ Կարապետի վանահայր անուանելու է․ Իզմիրլեան Մատթէոս վարդապետն եպիսկոպոսութեան բարձրացնելու է․ Կ․ Սարկաւագը վարդապետ ձեռնադրելու է:»
Խառն Ժողովը հետեւեալ օրը այս առաջարկութիւնները կ՚ընդունի եւ յաջորդ օրը Կարապետ սարկաւագը կ՚ըլլայ Վահան Վարդապետ։
1874ին Մամբրէ եպիսկոպոսի ետեւէն Մուշ կր ղրկվի որպէս զի վանահօր հետ աշխատելով վանքը բարեկարգէ: Քառասուն աշակերտի համար տարեկան տասն վարտիկ եւ քսան շապիկ կ՚որոշվի. այս հաշուով չորս աշակերտ մէկ վարտիկ պիտի հագնէին եւ երկու հոգի մէկ շապիկ: Տնտեսագիտութեան մասին վանահօր որոշումն արդարեւ գովելի էր, բայց Վահան վարդապետ չուզեր համաձայնիլ այս որոշման, տեղեկագիր մը կը շինէ, Պօլիս կուգայ:
1875ին Րումէլի Հիսարի վարժարանին դասատու կ՚անուանվի: Տեղեկագիր մ՚ալ հոն կը շինէ:
1876ին Իւսկիւտար Սբ. Խաչի վարժարանին տեսուչ կը կարգվի եւ աւագ հինգշաբթի օրը ժողովրդեան քարոզ մը կը խօսի սապէս.
«ժողովուրդ, դպրոցը գէշ վիճակի մէջ է. աղաները աղէկ չեն նայիր. քանի մը օրէն վարժարանը պիտի փլի։ Թաղականն անհոգ է»:
Այս քարոզին վրայ ժողովուրդը Խորհրդարանը խուժեց, աղաները վար առաւ: Նոր ընտրութիւն եղաւ, նորէն տեսուչի պաշտօն առաւ: Դարձեալ լուծվեցաւ, նորէն ընտրվեցաւ եւ յիշեալ թաղը քանի մը անգամ տակնուվրայ ընելէն ետքը հեռացաւ անկից: