Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/154

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

դէպ ի Զէյթուն ուր կը հասնի քսան օրէն: Տարիուկէս հոն դասատուութեան պաշտօն վարելէն ետքը 187Օին Զէյթունէն կը մեկնի Եգիպտոս կ՚երթայ, Եգիպտոսէն ալ Կ.Պօլիս։

1871ին Շահ Նազարեան վարժարանի աշակերտները ընկերութիւն մը ունէին որ Զէյթունի մէջ վարժարան մը բացած էր: Սոյն ընկերութենէ կ՚աղաչվի Կարապետ նորէն Զէյթուն դառնալ եւ հոն դասատուութիւն ընել ընկերութեան վարժարանին մէջ: Կարապետ կ՚ընդունի այս առաջարկութիւնը եւ ճանբայ կ՚ելլէ, բայց երբ կ՚իմանայ Եգիպտոսի մէջ՝ թէ զրպարտված էր Զէյթունի ժողովուրդը գրգռելու ամբաստանութեամբ եւ պիտի ձերբակալվէր, իսկոյն աշխարհականի հագուստը կը հանէ եւ կրօնաւորի զգեստներ հագնելով շունչը Երուսաղէմ կ՚առնէ։

1871ին Սարգաւագ կը ձեռնադրվի հոն եւ 1872ին Գագիկ Բ․ թատրերգութիւնը կը գրէ։ Այս թատրերգութեան անձերուն մէջ կին մ՚ալ կար․ վանական մամուլը չուզեց որ կին գտնըվի վանքի մէջ տպված թատրերգութեան մէջ, ուստի կինը հանեց եւ տեղը մանչ դրաւ: Սարկաւագ ձեռնադրվելուն պէս վանքը բարեկարգելու կր ձեռնարկէ։ Խնդիր կը յարուցանէ թէ Ս. Պատրիարքն պարտաւոր է հաշիւ տալ միաբաններուն, թէ ընտրութիւններն քուէարկութեամբ կատարվին: 

Երբ իւր առաջարկութիւնները կը մերժվին՝ բոլոր ուժովը կ՚սկսի պօռալ թէ ուր խտրութիւն կայ՝ հոն արդարութիւն չկայ․ եւ ուր արդարութիւն չկայ հոն, Աստուած չկայ՝ եւ ուր Աստուած չկայ հոն Աստուծոյ պաշտօնէի գործ չկայ: Ս. Պատրիարքն, որուն ականջներն արդարութիւն եւ Աստուած բառերը լսելու վարժված չէին, անմիջապէս Կարապետը կարգէն կը լուծէ եւ պարոն Կարապետը Պօլիս կուգայ եւ կ՚սկսի հոն Ֆէսով պըտըտիլ: Ճարը հատնելով կը դիմէ Ղալաթիոյ օճախին որ նոր կազմակերպուելու վրայ էր. անոր անդամ կը գրվի. Մշեցիները Խրիմեանին դէմ կը գրգռէ. Մելքիսեդեկ եպիսկոպոս Մուրատետնին Եկեղեցական Պատմութիւնն կ'քննադատէ իբրեւ մոլորական, Երուսաղէմայ