Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/16

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

տուցած է Ազգին Երեսփոխանական ժողովոյ մէջ: Իւր ատենաբանութիւններն շատ ներդաշնակ էին, երաժշտական խումբ մը կը պակսէր զանոնք աւելի ագդու գործելու համար: Իւր ճառերն նոյն ազդեցութիւնը կ՚ընէին երեսփոխաններու վրայ ինչ ազդեցութիւն որ կ՚ընեն Հատընտիր քաղուածք դպրոցական աշակերտներու վրայ:

Չափազանցութիւն ըրած չենք ըլլար եթէ ըսենք թէ՝ իբրեւ մատենագիր աւելի ծառայած է ազգին քան իբրեւ կուսակրօն: Իւր աշխատասիրութիւններուն մէկ մասը 1870ին Բերայի հրդեհին հրոյ ճարակ եղան ինչպէս որ կ՚ըլլան դժբախտաբար այն ամեն երկասիրութիւններն որք տպված չեն... գրված չեն: Այդ գործերու մոխիր դառնալն մեծ կորուստ մ՝է անշուշտ ազգին համար, բայց կրնանք մխիթարվիլ իւր հրատարակած գործերով՝ որոնք քիչ բացառութեամբ, արժանիք ունէին... մոխիր դառնալու: Խորէն Եպիսկոպոս ունի այսօր տասներկու գործեր: Ասոնց մէջն է ԱլաՖրանկա կատակերգութիւնն, որ կապիկի պէս ամեն բանի մէջ ուրիշի նմանելէ յառաջ եկած վնասները կը հարուածէ: Վարդենիք, անմեղ սէրէ ներշնչված գողտրիկ ոտանաւորներ: Դաշնակք Լամարթինի, անմահ բանաստեղծին ոտանաւորներուն գրաբառ թարգմանութիւնը՝ զոր հասկնալու համար այն ատենները չորս հոգիէ բաղկացեալ մասնաժողով մը կազմվեցաւ, որն որ անկարող ըլլալով զայն լուծել թարգմանիչին դիմեց, որ ներումն խնդրելով պատասխանեց թէ վրայէն բաւական ժամանակ անցած ըլլալուն պատճառաւ ինք ալ չէր կարող հասկնալ: Քրիստոնէական որ կը պատուիրէ էրիկներուն ներել իրենց կիներուն որքան ալ անպարկեշտ ըլլան, որքան ալ մեծ ըլլայ անոնց սիրականներուն թիւը: Նախակրթարան Ֆրանսերէն լեզուի, ի պէտս անոնց որք փափաք չունին ֆրանսերէն սորվելու: Ստուերք Հայկականք, որոնց մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ զհայրենեաց ասա մեզ բան: Օտար լրագիներու մէջ անդրալեռնականներու դէմ պաշտպանած է Հայաստանեանց եկեղեցին եւ ժողովրդեան համակրութիւնը գրաւած է: