Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/17

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Խորէն եպիսկոպոս անուշ բնաւորութիւն մը ունի ամենուն հետ այնպէս կը վարվի ինչպէս որ խմբագիր մը կը վարվի այն մարդուն հետ որ տարուան մը բաժանորդ կը գրվի եւ բաժանորդագինն ալ կանխիկ կը վճարէ: վարքէն կրնանք գուշակել թէ իւր յարգած սկզբունքներն հետեւեալներն ըլլալու են.


«Սիրէ հայրդ ու մայրդ...եթէ հարուստ են. «Սիրէ թշնամիներդ... երեսանց. «Սուտ մի' խօսիր... եթէ շահ չունիս. «Թող մի' տար որ կիրքերդ գերի ըլլան անձիդ, «Դրացիներդ անձիդ պէս սիրէ» Մեռեալներուն գալով՝ անոնց հետ ա՛լ աւելի քաղցրութեամբ կը վարվի: Այնպիսի սրտառուչ դամբանականներ կ'արձակէր, այնպիսի պերճախօսութեամբ կը գովէր արքայութիւնն որ ներկայ գտնվողները մեռնելու փափաք կ'զգային: Չմոռնանք սակայն ըսել թէ՝ երբեմն ալ մեռեալն արքայութենէն աւելի կը գովէր՝ որով ննջեցեալն նախապատիւ կը սեպէր դագաղին մէջ մնալ քան թէ արքայութեան մէջ: Ազգային Հիւանդանոցին մոմերուն պէս կարգերու կը բաժնըվէին իւր դամբանականները. մէկ ոսկի տուող մեռեալն բարեսիրտ կ'ըլլար. երկու ղրկողը բարեսիրտ եւ քիչ մ'ալ ազգասէր կը հռչակվէր. երեք նուիրողը ազնիւ սրտով եւ վսեմ զգացումներով կը զարդարվէր. չորս համրողը հանրածանօթ ազգասէր կը ծանուցվէր. հինգ տուողն՝ կենդանութեանը ժամանակ այնքան գաղտնի ողորմութիւն տուած կ'ըլլար աղքատներուն որ մարդ տեսած չէր ըլլար, հայրենեաց բարերար կը յորջորջվէր, եւ ասանկներուն դագաղը ութը հոգի կը կրէր, որովհետեւ չորս հոգի բաւական չէին կրել այնչափ գովեստներով ծանրաբեռնեալ ննջեցեալն: Դագաղն ալ երբեմն զգացման տէր եւ ազգասէր կ'ըլլար եթէ զայն շինող ատաղձագործը Գերապատիւին մեճիտիէ ղրկէր: Իսկ անոնք որ ժամանակ չունէին փրկանք վճարել դամբանախօսին' դամբանական լսելու իրաւունքէ կը զրկը-