Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/234

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Սխալ առաջացավ էջը սրբագրելիս

231 Արւիթը կարծես միշտ դժուսւրութիւններ յարուցած է Նորին Վսեմութեան որ իւր հանճարովն ամէն դմուարու- թիւններու յաղթած է: Քեաղըտիւանէի պալատն' որ երկու հարիւր կանգունի չափ երկայնութիւն եւ վաթսուն կանգու¬ նի չափ լայնութիլն ունի, ձմերւուան եղանակի մէջ ջուր կը կոխէ. եւ Նորին Վսեմութիւնը առանց կարասիքը մէջէն հանելու պալատն մէկ մէթրօ բարձրութևամբ վեր կ՚առնէ: Արնավուտ գիւղի Սուլթան սէրայի պատը ճեղքըվելով դէպի ծով կը քալէր. Նորին Վսեմութիւնը թող չտուաւ եւ պատը ասիպուեցաւ հնազանդիլ: Նմանապէս Զրաղանի պալատին քէօշկը որ դէպի ծով յսռաջ կը քալէր Անոր Հրամանաւն ստիպուեցաւ դառնալ արւջի տեղը: Արքայաբնակ Սուլթան Մէճիտի հետ երբ Սէլանիկ գնաց գիշերուան մը մէջ շինեց հոն մարմարիոնէ աւազան մը Պէշ չընար, ուր Ն. Վեհափա- ռութիւնն ընդունեց քաղաքն երեւելիները: Միայն մեր մէջ չէ որ մեծ Համբաւ կը վայելէ այս Հանճարն, Եւրոպայի մէջ իսկ կր հանաչեն անոր յարգն: Բարիզ Հրատարակվող էը մօնտ իլլիւսթրե անուն հարդէսն Նորին Վսեմութեան պատ¬ կերն հրատարակելով հետեւեալ տողերը կը գրէ.

Երեւելի ճամբորդներ որոնք դեռ նոր այցելած են Կ.

Պօլսոյ քաղաքը կր յայտնեն մեզ այն տպաւորութիւնները զորս իրենց վրայ ներգործած են արհեստով եւ գիտութեամբ բարձրացած այն Հոյակապ շէնքերն ու պալատներն որոնք Վոսփորի երկու ափերը կր զարդարեն: Սքանչացած են իմա¬ նալով որ այս հրաշալիքնևրը Սուլթանին Հռչակաւոր ճար¬ տարապետ Վսեմ. Սարդիս պէյ Պալեանի գործն են:

Այս տաղանդաւոր անձն ամենէն աւելի երեւելի ընողն

է այն անհաւատալի արագութիւնն որով Հոյակապ շէնքեր կը կանքնէ: Այսպէս Պէյլէրպէյի պալատն որ մեր Նուվէլ Օբերային պէս փառաւոր եւ մեծ է, երկու տարուան մէջ շինվեցաւ: Եըտըզի քէօշքը որ կոփածոյ քարերէ ել մարմա¬ րիոնէ շինված գողտրիկ գործ մ’է եւ որ մեր Պիպլիօթեք նա- սիօնալի մեծութիւնն ունի վեց ամիսէն քիչ ժամանակի մէջ շինվեցաւ: