Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/235

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Արագութեամբ գործելու հետ Նորին Վսեմութիւնն ունի տեղական պահանջումներուն յարմար տնտեսագիտական եւ վարչական այնպիսի ձիրքեր, որոնց շնորհիւ բոլոր այս շէնքերը մէկ երրորդով կանգնվեցան այն գումարին զոր մեր հասարակաց գանձը վճարած է նմանօրինակ շէնքերու համար։

«Հետզհհետէ աստիճանէ աստիճան բարձրանալով այսօր կառավարութեան աստիճաններէն բարձրագոյնն ունի. եւ բոլոր վեհապետներն՝ որ Պօլիս գնացած են, փութացած են պատուանշաններով զարդարել անոր լայն կուրծքը եւ առատօրէն նուէր ընել անոր:

«Քաղցր վարմունքն, ազնուութիւնը. մարդասիրութիւնն եւ ուրիշ բարեմասնութիւնները տաղանդին հետ միանալով Նորին Վսեմութիւնը ճանչցողներուն համակրութիւնը կը գրաւեն: Իւր գթասրտութիւնն եւ հիւրասիրութիւնն ոչ նուազ գովեստներու արժանի են:

«Աւելի մեծ հաճութեամբ կը հրատարակենք իւր պատկերն անոր համար որ Նորին Վսեմութիւնը Ֆրանսայի մէջ առած է առաջին ծանօթութիւններն արուեստին' զոր այնչափ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ:»

Զանց կ՚ընենք հոս յիշատակելէ քանի մը տարիներ առաջ մայրաքաղաքիս մէջ հրատարակված Ռըվիւ տը Քօնսթանթինօբլ անուն հանդէսին գրած տողերն որոնք Նորին Վսեմութեան տաղանդը կը հռչակեն․ զանց կ՚ընենք վասն զի իւր գործերն պէտք չունին գովեստի։ Թուով խիստ քիչ են մեր ազգին մէջ այսպիսի մարդեր որոնք իրաւամբ իրենց ազգին փառքն ու պարծանքն են: Արդարեւ շատ են որ համբաւ ունին, այլ քիչ են որ անոր արժանի ըլլան: Մարդս հարկ է որ ինք ունենայ համբաւ․ ուրիշէ ծախու առնված համբաւին պէս անարգ բան չկայ: Մին աղքատիմը ողորմութիւն տուած ժամանակը կ՛ուզէ որ բոլոր աշխարհ տեսնէ եւ թերեւս կր սրդողի թէ ինչո՛ւ Աժանս Հավասի գործակալութիւնն հեռագիր չքաշեր Եւրոպա չայտնելով թէ այս