Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/245

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

գործնական հետեւանքն պահած է մինչեւ այսօր․ երբ իւր ուշադրութիւնը գրաւող խնդրոյ կամ անձի մը վրայ կը խորհի, կը խօսակցի, կ՚առաջադրէ եւ չգործէր. մեծ նեղութիւն կ՚զգայ սրտին մէջ, վասն զի մէջը բայի կատարեալ եղանակ չկայ, եւ չարամիտք կրնան զայն սին մեծամասնութեան եւ կեղծ քաղաքավարութեան վերագրել: Խիստ գեղեցիկ է Մկրտիչ էֆէնտիի այս հանգամանքն, եւ թերի կողմն այն է միայն՝ որ նորա արդի քերականութեան մէջ կատարեալին դասաւորութիւնը մեր գիտցած դրութենէն կը տարբերի եւ երբեմն կարգն այնչափ ուշ կուգայ, որ քրիստոնէավայել համբերութիւն չունեցողները կը վհատեցնէ:

Դպրոցական ասպարէզէն առեւտրական ասպարէզը ցատկեց Մկրտիչ էֆէնտի, եւ մէկ կողմէ Գաղղիերէն, Անգղիերէն եւ տօմարակալութիւն ուսնելով, միւս կողմէ ստակ շահելու հետամտեցաւ:

Իւր առեւտրոյն համար այնպիսի նիւթ մը ընտրել ուզեց, որ յաջողութեան ամեն պայմաններն ընծայէր, ուստի երկաթի վաճառականութեան ձեռնարկեց, որպէս զի ո՛չ գողէն վախնայ, ո՛չ հրդեհէն սոսկայ եւ ո՛չ ալ խոնաւը հոգայ: Հետեւաբար մեր Մկրտիչը երկաթ առաւ, երկաթ ծախեց, բայց անոր ժանգն ոսկւոյ փոխարկեց, եւ սնտուկի մէջ դիզելէ ետեւ՝ վրան ելաւ ու բարձրէն դիտեց երկաթի միւս վաճառականներն, որք իրենց ծախած ապրանքին անշարժութեան հանգամանքով տոգորվեր եւ անոր հանքային բնութեան միայն ընդունակ եղեր էին:

Անոնք որ Մկրտիչ էֆէնտին բարեսիրտ մարդ կը ճանչեն, կը կարծեն թէ շատ ցաւեցաւ նա իւր արհեստակցած այդ յետամնաց վիճակին վրայ, իսկ անոնք որ Մկրտիչ էֆէնտիի քով յառաջդիմական բուռն իղձ մը կը տեսնեն, կ'ենթադրեն թէ կարի գոհ եղած լինի նա միւս զամէնքը գերազանցած ըլլալուն վրայ։ Իսկ մեք ո՛չ առաջիններուն հետ կը կարծեմք եւ ո՛չ միւսներուն հետ կ՚ենթադրեմք, այլ պարզապէս երկուքին ալ կը հաւատամք: