Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/255

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տասնեւեօթը տարեկան էր Օգսէն երբ Ս․ Սահակեան վարժարանէն ելնելով՝ առիթի սպասեց որ իւր տրամաբանական տաղանդէն օգուտ քաղէ: Առիթը չեկաւ:

Վերջին Արեւելեան պատերազմին ժամանակ Անգղիացի զօրապետի մը քով թարգման կարգեցաւ: Զօրապետը Սէվասթօբօլ գնաց, բայց Օգսէնը հոն երթալու վախնալով Շումլա մնաց եւ հոնկէ տիրոջն խօսքերը Տաճկերէնի կը թարգմանէր ու բօսթայով կր խրկէր․ Քիչ մը ետքը տիրոջը քով գնաց եւ ամենայն յաջողակութեամբ վարեց իւր պաշտօնը․ Օր մը տէրն ըսաւ իրեն թէ երկու օխա պանիր ապսպրէ․ Օգսէն գնաց զոյգ մը պօթին ապսպրեց: Անգղիերէն սորվելու աղէկ կոչում ունէր բայց հասկնալու յարմարութիւն չունէր:

Օգսէնը տեսնելով որ այս պաշտօնն իրեն յարմար չէ, բաժնվեցաւ Անգղիացիէն ու Պօլիս գալով Հիւանդանոց մտաւ, դասախօսութիւն ընելու: Հոն քանի մը կարծիքներ յայտնեց որոնցմով ըսել կ'ուզէր թէ՝ դպրոցներու մէջ ուրիշ գիտութիւն ուսում դաս տալը անօգուտ բան է․ թէ՝ բոլոր դասերն արտաքսելու եւ միմիայն տրամաբանութեան դաս տալու է: Հոգաբարձութիւնը այս կարծիքներէն օգուտ քաղելով միւս դասերը արտաքսելու տեղ բռնեց Օգսէնն արտաքսեց:

Ասոր վրայ Օգսէն քանի մը պաշտօն փոխելէն ետքըՄանզումէի մէջ սկսաւ խմբագրական յօդուածներ գրել: Շատ յօդուածներ հրատարակեց հոն, որոնց ամենն ալ աղէկ ընդունելութիւն գտան ժողովուրդէն: Ամուսնութեան վրայ ալ անանկ աղուոր յօդուածներ գրեց որ․ քանի մը օր ետքը ամեն մարդ սկսաւ կնիկն ձգել: Այս օրուան պաշտպանած սկզբունքը հետեւեալ օրը կը հարուածէր, եւ վաղուան պաշտպանելիք սկզբունքր օր մը առաջ կը հարուածէր: Սկզբունքները կ՚ըսէր, զաւկի պէս են, գրագէտ մը պարտաւոր է զանոնք երբեմն շոյել եւ երբեմն ապտակել: Իր նպատակին հասնելու համար մի եւ նոյն խնդրոյն մէջ այնչափ