Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/256

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կարծիք կը փոխէր, որչափ որ կայարան կը փոխէ էտիրնէի շոգեկառքը Պօլիս հասնելու համար:

Տարի ու կէսի չափ Մանզումէի մէջ իր կարծիքներն քարոզելէն ետքը Ծիլն Աւարայրի լրագրոյն անունը փոխելով Օրագիր ըրաւ եւ ինք ալ անոր խմբագիր եղաւ: Օրագրոյ մէջ չկայ սկզբունք մը որ պաշտպանված չըլլայ, չկայ նաեւ սկզբունք մը որ Հարուածված չըլլայ: Այս թերթին մէջ Օգսէնն այնքան շուտ սկսաւ փոխել իւր կարծիքները որ ընթերցողն ա'լ ետեւէն չկրցաւ Հասնիլ: Անօթի ըլլար նէ՝ ժողովրդական էր. պատառ մը հաց ուտելուն պէս միապետական կը դառնար, վրան սուրճ մը խմէր նէ' ապակեդրոնացականութիւնը կր պաշտպանէր, Այվատեանին դէմ բարկանար նէ' կեդրոնացուցումը կը պաշտպանէր. օր մր Հասունեան կ՚ըլլար, օր մը Հակահասունեան, օր մ'ալ երկուքը մէկէն կ՚ըլլար: Երբ մէկն իրեն ըսէր թէ՝ այդ ընթացքն աղէկ չէ՝ դուք գիտէք, մարդս քանի կարծիք փոխէ, այնքան կատարելութեան Հասած կ՚ըլլայ կ՚ըսէր:

Օգսէնի կարծեաց այս փոփոխութիւնը միայն խմբագրութեանը մէջ չէ, այլ փաստաբանութեան մէջ ալ: Սամաթիոյ Թաղ. Խորհրդոյ կողմէն փոխանորդ կարգվեցաւ որ Փանոսեանի հետ դատվի. Օգսէնը դատվելու գնաց եւ Հաշտվեցաւ ետ դարձաւ ճիշդ այն տղուն պէս որ դերձան առնելու կը խրկվի ու շաքար առնելով ետ կը դառնայ: Սամաթիացիք սաստիկ զայրացան. Օգսէն հոգը չըրաւ, իմ հաշտութիւնս պատուաւոր է. երանի՛ թէ ամէն մարդ կ’ռուէր ու ինծի պէս պատուաւոր կերպով հաշտվէր ըսաւ:

Օգսէնի փաստաբանութիւնն աւելի ամուսնական դատելու ճիւղին մէջ փայլ ունէր քան թէ ուրիշ ճիւղերու մէջ: Որչափ որ կրկին ձգել ուզող ըլլար նէ՝ շունջը Օրագրոյ գրասենեակը կ՚առնէր: Օգսէն՝ անչափ վարպետութեամբ կը փաստաբանէր, որ շատերը անոր փաստաբանութիւնը մտիկ ընելու փափաքով կնիկնին ձգել կ՚ուզէին... Օգսէնի փաստաբանութեամբ: