Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/27

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

պարտք ունէր, իսկ հիմա քիչ պարտք ունի, զոր վճարելու անկարող է:»

Ա'լ այնչափ մեր յոյսը կտրած ենք ազգային սնտուկն պարտքէ խալսելէ որ, անոր քիչ պարտք ունենալն մեզի երջանկութիւն կը համարինք:

Վերջապէս ամէն պաշտօնեայ իւր անձնանուիրութիւնները կը համրէ, եւ շատ զարմանալի է որ ազգն այսչափ բարերարներ ունենալով չկարենայ լաւագոյն վիճակի մը մէջ գտնըվիլ: Մենք առանց գիտնալու թէ Եուսուֆեան էֆէնտին ինչ ընթացք բռնած է իւր այս պաշտօնին մէջ, կրնանք վկայել որ վարված չէ ոմանց պէս որոնք ազգային պաշտօնատեղին այնպէս կ՚երթան ինչպէս կ՚երթաս դուն վաճառատունդ, միւսն իւր խանութը եւ ես իմ գրասենեակս: Շատ մը պաշտօնեաներ կան որոնք ազգային պաշտօններու շնորհիւ իրենց Հնդկաստանի ճամբան ապահոված են:

Եուսուֆեան էֆէնտին պատիւ ունեցած է քանի մը անգամներ Միջագիւղի թաղական խորհրդոյ մէջ գտնըվելու, բայց երբեք թաղական խորհրդարանի մէջ: Այսօր հաստատուած ճշմարտութիւն մ'է որ եթէ զինուորական ասպարէզին մէջ գտնըվելով՝ զօրաբանակի մը հրամանատար անուանվէր պատերազմի ժամանակ, եւ եթէ այդ զօրաբանակն ալ Պաղտատ գտնըվէր՝ ինքն իր թիկնոցին մէջ փաթտված իւր Միջագիւղի տունէն դուրս չպիտի ելնէր եւ Պոլսոյ մէջ հրամանատարութիւն պիտի ընէր Պաղտատի մէջ գտնված զօրքերուն: Եթէ իրեն դիտողութիւն ընէին՝ այն ատեն իրեն խոհարարը պիտի ղրկէր պատերազմի դաշտին վրայ իւր հրահանգները զօրաց հաղորդելու համար: Բնաւ կարեւորութիւն չտար այն վնասներուն որ յառաջ կուգան ո եւ է պաշտօն մը ստանձնելով զայն չկատարելէ: Եւ ահա այս սկզբունքով է որ թաղ. խորհրդարան երթալով՝ իւր պաշտօնին գլուխը անցած չէ: Բայց իւր ընկերներէն մին սընտուկը պարպած է, քահանաներուն իրաւունքն իւր կոկորդն անցուցած էր, աղքատին դրամը կլլեր է. ի՞նչ փոյթ. բաւա-