Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/274

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

271 նայն յաջողակութեամբ կւստարեց Կոյրին Զաւակը։ Այնչափ բնական կոյր ձեւացուց որ հանդիսականք բուռն ծափահարութեամբ թատրոնը թնդացուցին: Թովմասն այս ծափահարութիւններէ քաջալերված բաւական ժամանակ կոյր մնաց . . . իւր ուրիշ պակասութեանց: Իզմիրի մէջ իւր անունը սկսաւ համբաւ վաստկիլ, իւր տաղանդն պայծառացաւ: Ասոր վրայ ինք ալ պայծառացաւ օրիորդ Պայծառին հետ ամուսնանալով: 1864ին վերջերը իր ամուսնոյն հետ Տրապզոն գնաց, ուր դպրոցին կառավարիչն, եկեղեցիին ժամկոչն, լուսարարն եւ քանի մը պատանիներ ժողվելով խումբ մը կազմեց եւ ազգային ներկայացումներ տալ սկսաւ: Այս մասին շատ դժուարութիւններ քաշեց, որովհեւոեւ կառավարիչն որ առտուընէ մինչեւ իրիկուն «ծօ տղաք սուս եղէ՛ք» ըսելու վարժած էր, օր մը ներկայացման միջոցին երբ հանդիսականներն Պ. Ֆասուլեաճեանը կը ծափահարէին, կառավարիչն որ Շապւհի դերը կը կատարէր՝ հանդիսականներուն դառնալով' «ծօ տղաք, սուս եղէք» պօռաց։ Կառավարիչը այնչափ յանցանք չունէր—որովհետեւ առտուընէ մինչեւ իրիկուն այդ խօսքը ընելու վարժված էր բերանը — որչափ որ յանցանք չունին այն դերասանուհիներն, որ այսօրուան օրս տեսարանի վրայ շարունակ կը խնդան: Ֆասուլեաճեան՝ 1865ին վերջերը Թիֆլիզ, եւ անկից ետքը տասնի չափ քաղաքներու մէջ, որոնց անուններն մի առ մի յիշելն երկար կ՚ըլլայ, ներկայացումներ տուաւ ո՛չ թէ ստակ վասակնելու այլ դերասանութեան արուեստը Ռուսաստանի մէջ տարածելու համար: 187Օին Պօլիս եկաւ եւ 18 հոգիէ բաղկացեալ խումը մը կազմելով նսւխիջեւան տարաւ: Հոն ներկայացուց Արքայն զրօսնուի մէջ Թրիպուլէյի դերն, որուն մէջ ըստ ականատես հանդիսականաց, ջերմ ծափահարութեամբ վարձատրվեր է: Բայց որովհետեւ այս ջերմ ծափահարութիւններն բաւական չեն թատրոնի մը ծախսը հոգալու, Պ. Ֆասուլեաճեանն հետը տարած խումբը կտոր կտոր ընելով հոս ղրկեց, անոնց ետեւէն ալ ինք եկաւ: Հոս գալուն պէս Օրթագիւղի Բարեսէր ըեկերութեան վերատեսչութիւնն յանձն առաւ եւ ամրողջ շրջան մը ներկայացումներ տուաւ հոն, գեղացին գոհութեամբ ընղունեց զինք եւ գոհութեամբ բսաժնըվեցաւ իրմէ: