Տարի մը անցնելէն ետքը Վարդովեանի խումբին դէմ մրցելու համար Իւսկիւտարի Ազիզիէ թատրոնն վարձու բռնեց ու ամիս մը ետքը Վարդովեանին վարձու տուաւ, ինքն ալ այն խումբին դերասան գրվեցաւ եւ մինչեւ այսօր նոյն խումբին մէջ կը գտնվի:
Պ. Ֆասուլեաճեան այս խումբին մէջ շատ դերեր կատարեց որոնց մէջ նշանաւոր հանդիսացաւ: Ծերունի Տասնապետին մէջ այնքան ճարտարութեամբ համր կը ձեւանայ որ Վարդովեան էֆէնտին գիշեր մը օթեակէն պօռաց «Ո՛ւր էր թշուառականն միշտ ասանկ համր մնար ու դերասաններս չգրգռէր»: Նոյնպէս Լիօնի Սուրհանդակին մէջ Լը Զիւրքի եւ Տը Պօսքի մասերն, այսինքն անմեղութեան եւ չարագործութեան երկրորդութիւն մը, իր անձին վրայ կատարեալ յաջողութեամբ ներկայացուց:
Պ. Ֆասուլեաճեանին դէմքին վրայ կատարեալ գաղափար մը տալու համար պարտաւոր էինք իւր պատկերն այնպէս հրատարակել որ իւր պեխերուն կէսը ածիլված եւ կէսը չածիլված ըլլար, որովհետեւ վեց ամիս պեխով կը պտըտի, վեց ամիս առանց պեխի: Ինք ընդհանրապէս այն դէմքն ունի ինչ դէմք որ կ՚ունենայ տղայ մը երբ խաղալիքն ձեռքէն առնես:
Այս վիճակին մէջ իւր դէմքէն աւելի տղայութիւն կը յուսացուի քան թէ չարութիւն. բայց խելօք տղու ալ չնմանիր, ասդին անդին վազող, ամէն տեսածն ուզող տղու մը կը նմանի. ըստ ոմանց ուզածը չտրվի նէ՝ ոտքերը գետինը կր զարնէ եղեր, ըստ ոմանց մասը չգիտնայ նէ՝ կը զարնէ եղեր: Սատանան առնէ մեղքը: