Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/278

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ձեւերն, սակայն անոր զօրաւոր ձայնն կատարելապէս չունի, եւ սակայն յուսալի է որ այս մասին ալ քիչ մը ատեն վարժութիւն ընելով այդ պզտիկ թերութիւնն իւր ձայնին գեղգեղանքովը ծածկէ:

Օրիորդ Գարագաշեանը դերասանուհւոյ մը բոլոր հանգամանքներն ունի. միջին ու վայելուչ հասակով, սեւ աչքերով ու սեւ ընքուիներով, երկար մազերով, ժպտալի ու ձուաձեւ դէմքով աղջիկ մըն է. եթէ դերասանական կեանքին մէջ պակասութիւն մը ունի՝ ան ալ սա է որ տեսարան ելած ժամանակը միշտ այնպիսի դէմքով մը կ՚ելնէ որ կարծես թէ հոգաբարձու մ՚է որ վարժարան կը մտնէ, եւ կամ կարծես թէ՝ տեսարան ելած ժամանակը հանդիսականները ոտքի չելլալնուն համար սրդողած է:

Ամէն հողմէ չը շարժիր: Թատրոնի բեմին չափ լայն սիրտ մը ունի. եթէ մեռեալ մը տեսնէ՝ սիրտը թունդ չելներ, այլ աւելի կը մօտենայ զայն քննելու որպէս զի տեսարանին վրայ մեռնիլ հարկ ըլլայ նէ՝ բնական մեռեալ մը ձեւանայ։ Նոյնպէս եթէ մէկը բարկանայ՝ դիտմամբ աւելի կը բարկացնէ որ բարկութեան ձեւերն ու շարժուածքներն աղէկ սորվի։

Այս փափաքով է որ այսչափ յառաջ գնաց, ինչպէս որ անով առաջ պիտի երթայ նաեւ ասկից վերջը ի պարծանս Հայ Թատրոնին: