շաքար բերի, կամ ինչ որ կ՚զգայ աղջիկ մը երբ իրեն ըսես. ե՛լ քեզի պալօ տանիմ, բայց կ՚ըլլամ ըսելու քաշվելով սա առարկութիւնն ըրաւ — ես կ՚ամչնամ տեսարան ելնելու այնչափ բազմութեան առջեւ. — վնաս չունի աղջիկս, պատասխաներ Վարդովեան էֆէնտին (այն ատեն պարոն), առջի անգամուն քիչ մը կ՚ամչնաս, բայց կամաց կամաց կը վարժվիս. ես ալ առաջին անգամ տեսարան ելայ նէ՝ կ՚ամչնայի, բայց հիմայ, փառք Աստուծոյ ողորմութեան, ամենեւին չեմ ամչնար, արձակ համարձակ կը խօսիմ: —
Այս խօսքերէն շաբաթ մը ետքը Երանուհիին դերասանուհի ըլլալը որոշվեցաւ:
Երկու ամիս ետքը օրիորդ Գարագաշեան Արեւելեան Թատրոնին մէջ ի տես ելաւ Աշխէնի դերով, եւ այնչափ ճարտարութեամբ ներկայացուց որ Տիկին Արուսեակին նախանձը յուզեց քիչ մը: Հետզհետէ տրված ներկայացումներուն մէջ միշտ սիրուհւոյ դեր կատարելով քիչ ժամանակի մէջ մեծ յառաջդիմութիւն ըրաւ: Տարի մը ետքը «Պօղոս եւ Վիրգինիա»յի մէջ Պօղոսի մասն կատարեց, եւ սիրավառ, պատանիի մը զգացմունքներն մանրամասնօրէն ցցուց իւր վրայ այնչափ վարպետութեամբ որ հանդիսականներէն ոմանք ըսին թէ՛ եթէ օրիորդ Գարագաշեան արական սեռին վերաբերէր՝ բոլոր աղջիկներուն սիրտն իրեն պիտի գրաւէր։
Օրիորդ Գարագաշեան խումբէն առանց բաժնվելու շարունակեց մինչեւ վերջը: Իրեն տրված մասերը սիրով կ'ընունի եւ սիրով կը կատարէ․ մասն աղէկ կը սորվի եւ տեսարան ելնելուն պէս բերանը բանալով յուշարարին չսպասեր որ մասը կարդայ:
Այս վերջերս տեսնվեցաւ որ երաժշտութեան մասին ալ յարմարութիւն ունի. ձայնը բնաւորութեան պէս մեղմ է, եւ ունի այն ելեւէջներն որ երգիչի մը պէտք են․ «Գեղեցիկ Հեղինէ»ի մէջ Հեղինէի դերը կը կատարէ, ունի Հեղինէին գեղեցկութիւնը, խօսուածքը, շարժուածքը ու բոլոր