ՍՏեՓԱՆ ԱՍԼԱՆեԱՆ
-Ըղա• • • ըղա • • • ըղա• • •
Եւ ահա կիները կ՚սկսին իրենց դիտողութիւնները յայտնել ինչպէս Պ. Տիրայր չմորնար իւր քննադատութիւնները հրատարակել նոր գիրքի մը... կազմին վրայ:
Մանկութեան առաջին ձայնը նոր աշխատասիրութեան մը ծանուցումն է, զոր նախ դրացի կիները լսելով կը փութան գործը տեսնել եւ քննադատել:
Այն քննադատութիւններն որ նորատիպ երախայներու վրայ եղած են շատ աւելի օգուտներ ընծայած են ազգին քան անոնք որ նորատիպ մատեաններու վրայ գրված են: Պատճառը պարզ է եւ յայտնի: Երախայի հեղինակները իրենց առաջին երկին պակասութիւնները տեսնելով՝ աշխատած են միւս գործերն նուազ թերութեամբ ի լոյս ընծայել: Միթէ կիներու քննադատութեան պտուղը չէ՞ տեսնել որ անդրանիկ մը միշտ հօր մր եւ մօր մը Գլուխ Գործոցը չէ եւ միշտ կրտսերներն են որ պատիւ կր բերեն իրենց հեղինակներուն՝ որք միայն իրաւունք ունին այսօր պարծենալով իրենց մէկ կրտսեր զաւակին ձեռքէն բռնել, ազգին ներկայացնել զայն եւ ճակատաբաց կրկնել այն խօսքը՝ զոր Մամուրեան ըսաւ Պ. Նորայրի բառարանի նկատմամբ թէ՝ «շատ աւելի դիւրին է բանադատել գործ մը քան յօրինել՝ քանի որ բանադատութիւնը սովորաբար մի քանի էական սկզբունքի վրայ լինելով ընդհանուր տեսութիւններ կ'ընէ քննելի գործի մասին. մինչդեռ հեղինակութիւն մը աշխատութիւն եւ հմտութիւն կ'ենթադրէ:» Գիրքի հեղինակներն այնպէս վարված չեն դմբաղդաբար: Ասոնք ո'եւ է բանադատու-