թիւն իբրեւ յարձակում նկատելով շարունակած են իրենց միւս երկերն օժտել ճոխ... թերութիւններով: Սուտ խօսած չենք ըլլար եթէ թող տրվի մեզ խոստովանիլ որ մեր ազգն այսօր ունի աւելի հանճարեղ մարդեր քան հանճարեղ երկեր: Եթէ մեր հարուստները հրատարակութեան ծախքը հոգային` աւելի հանճարի տէր մարդեր պիտի ունենայինք: Բայց հարուստները չեն յօժարիր այս բարիքն ընելու: Ինչո՞ւ: Վասն զի իրենց ծախքով սնած, մեծցած ու դաստիարակված տղայներու ճակատը չպիտի կրնան գրել տպագրեալ եւ հրատարակեալ արդեամբ եւ ծախիւք... աղայի, ինչպէս գրել կու տան ճակատն այն գիրքերու` որոնց տպագրութեան ծախքն իրենց քսակէն կու տան:
Արդ քանի որ կիներուն քննադատութիւններէն այսչափ օգուտ քաղած է ազգը, կը ներե՞ս, ընթերցող որ անոնց ձայնը խղդեմ: Հարկաւ ո՛չ:
— Ըղա... ըղա... ըղա... Խօսքը ձերն է կինե՛ր. բայց կ՚աղաչեմ շատ մի՛ երկընցնէք...:
— Ոտքդ պագնեմ, ի՜նչ սիրուն տղայ: — Տիկին Մարթա, տե՜ս ինչպէս աղուորիկ է:
Երախայն կր ժպտի:
Ո՜վ շողոքորթութիւն... ամեն տարիք կը սիրէ զքեզ:
— Ադ ի՜նչ սեւ մազեր են քուրո՛ւկ... ներկված են կարծես...
— Ըղա... ըղա... ըղաաաաաաաաա:
Ի բաց գնա՛ ո՛վ ճշմարտութիւն... ի՞նչ գործ ունիս մեր մէջ...
— Արեւուն մեռնիմ, շատ խելացի զաւակ է:
Երախայն հաւանութեան ցոյցեր կ՚ընէ:
— Մեծ մարդու պէս աչքերը չորս դին կը պտըտցունէ:
— Ըղա... ըղա... ըղա...
— Ես չէի ըսողը, մեղայ...
— Ի՞նչ բարկացող տղայ . . .