հիւ կրնար սառէ արիւնով ձեռք կտրել, աչք հանել, ոտք կոտրել եւ վերջը կարել: Եթէ նոր աշխարհը բժիշկներու համար ալ կարի մեքենայներ հնարէր' բժիշկները այս ձանձրութենէն ալ կ'ազատվէին , մանաւանդ հիւանդներն ալ չարչարանքէն: Ասլանեան, ինչպէս ըսինք, բժշկութեան կոչում ունէր, ներգոծապէս եւ կրաւորապէս, ուստի ճեմարանէն ելնելէն քանի մը ամիս ետքը արքունի բժշկական վարժարանը գնաց: Դարձեալ իւր մեղուաջան աշխատութեամբն սորվեցաւ թէ ինչպէս կ՚սպաննըվին մարդեր... առանց զէնքի...: Երբ կը տեսնեմ մարդասպան մը որ դատի ելած ժամանակը իւր յանցանքը պարապ տեղը ուրանալու կ՛աշխատի, կը զարմանամ թէ ինչու դատաւորներուն դառնալով ես բժիշկ եմ չըսեր ինքզինքը արդարացնելու համար: Երբէք ամիրաներու կամ Պատրիարքներու առջեւ ծունկ չոքելով յանձնարարական թուղթ չմուրաց, միայն իւր խելքէն, ջանքէն յանձնարարվելով աստիճանէ աստիճան բարձրացաւ: Տասնապետ, յիսնապետ, հարիւրապետ, հազարապէտ ըլլալէն ետքը բաշայութեան բարձր աստիճանն ելաւ ուր կը վախնամ ես ելնելու: Ահա մարդ մը որ կրնայ ըսել հանդարտ խղճմտանքով եւ պարծանքով: Իմ գործերուս զաւակն եմ: Այսօր սուր մ՚ալ կը կախէ մէջքէն որպէս զի դեղերովը եթէ չկարենայ նպատակին հասնիլ՝ սուրը քաշէ: —Կը փափաքէի որ բոլոր բժիշկներն ալ մէյմէկ սուր կրէին,իբրեւ նշան իրենց արուեստին:— Կրնանք վկայել իրեն համար որ արհեստը չարաչար չգործածեր. երբեմն աղքատներն ալ կ՚այցելէ առանց դրամ ընդունելու—այսպէս չվարվող բժիշկներն բամբասանքի կ'ենթարկվին. լաւ, բայց գնա՛ հարուստ վաճառականի մը եւ աղքատի մը համար կտաւ ուզէ՛, կը ծաղրեն քեզի եւ չեն ալ բամբասվիր—:Օր մը երկու ծեր եւ հիւանդ կիներ իրեն դուռն ափ առած էին:Սպասաւորն դուռը բացաւ եւ կարծելով թէ այս կիներու ներկայութիւնն ձանձրոյթ կը պատճառէ Բաշային՝ վռնտեց զանոնք ըսելով ինչպէս որ սովորութիւն է.
3