զուգակշռելով կ՚ըսէի. Օտեան խորհելու է. Ասլանեան խօսելու է եւ Փափազեան գործելու է. եւ ամեն անգամ որ ազգը տագնապալից Ժամանակներ ունեցած է, ամենուն ըսած եմ. կ՚երեւի որ դարձեալ Ասլանեան կը խորհի, Փափազեան կը խօսի եւ Օտեան կը գործէ: Այսպէս վեց եօթը տարի ատենապետութեան պաշտօն վարած է: Թէպէտ եւ եթէ այսօր օրակարգը աչքէ անցունելու ըլլանք՝ կը տեսնենք որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ բանտ մը որուն մէջ եօթը տարիէ ի վեր բանտարկված խնդիրներ կան զորս հարցնող փնտռող չկայ. մեռած խնդիրներ ալ պակաս չեն հոն: Օրակարգին մէջէն ելնող խնդիրները փախչելով բանտէն խալըսողներուն կարգէն են: Սակայն ասոնց պատասխանատուութիւնը ատենապետին վրայ բեռցունելն անիրաւութիւն է. վասն զի քանի որ երեսփոխանութիւնը միշտ շնորհակալութիւն յայտնած է իր ատենապետին, դիւրին է գուշակել թէ ուրիշ ատենապետի մը օրով ոչ թէ միայն խնդիր մը այլ երեսփոխաններն ալ չպիտի կրնային ելնել օրակարգին մէջէն:
Գրական ասպարէզին մէջ մտած չէ, թէպէտեւ կրնար հոն աթոռ մը ունենալ: Եթէ քաջ խօսելու, մարդ համոզելու արհեստը պարունակող գիրք մը հրատարակէր՝ մեծ ծառայութիւն մը պիտի մատուցանէր ազգին: Վասն զի մեր երիտասարդներէն շատերն որ ինքզինքնին պերճախօս կը կարծեն՝ մինչեւ այսօր օգուտ քաղած չեն մարդ համոզելու արհեստէն... երբ հացավաճառի մը կամ մսավաճառի մը առջեւ գտնըվին: Ստեփան փաշան եթէ փափաքէր՝ դժուարութիւն չէր կրեր նաեւ հրատարակելու գիրք մը Առողջաբանութիւն անունով եւ որուն մէջ ընդարձակօրէն խօսիլ գոնէ մէկ հիւանդութեան վրայ որ բժշկուելու ենթակայ է, ինչպէս նաեւ այն տենդերուն վրայ որ առաջ կուգան խօսք ուզելէն եւ ատենւսպետին խօսք չտալէն: Վերջապէս գրելու ձիրք եւ դիւրութիւն ունենալէն ետքը չգիտենք թէ ինչ պատճառով այսչափ հեռի կ՚ապրի այդ ասպարէզէն:
Սկզբունքներուն գալով՝ կրնանք հետեւեալները կարծել... այս տարուան համար: