Այս էջը հաստատված է
Բարկութեանդ մէջ լեզուիդ իշխէ՛, ականջներուդ համբերութիւն մաղթէ՛, իսկ կիրքերուդ յարատեւութիւն:
Կարծիքները պէտք է սպասաւորներու պէս գործածել, շոյելու է զանոնք եթէ քեզի շահ կը բերեն. իսկ վռնտելու է երբ շահուդ կը դպչին:
Բամբասանքը հով մ’է որ կուգայ կ'անցնի. վ՜այ անոնց որ ամեն հովէ կը շարժին:
Ատեփան փաշա վայելուչ հագուստով, միջին հասակով, միջին գէրութեամբ վայելուչ մարդ մ’է: Վարդի պէս կարմիր այտեր եւ ածուխի պէս սեւ յօնքեր ու մազեր ունի: Ամեն անգամ որ տեսած եմ զինքը երեսփոխանական ժողովոյ ատենապետական աթոռին վրայ կարծած եմ թէ լուծողական դեղ խմած է որ մօտ է իւր արդիւնքը ցցունելու. եւ միշտ ասանկ պարագաներու մէջ է որ ոտք ելնելով յայտարարած է. «Ատեանը գոցված է, տեարք երեսփոխանք»: