Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/52

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ԿԱՐԱՊեՏ Ս. ԻՒԹԻՒճեԱՆ

Կարապետ Ս. Իւթիւճեան, Խմբագիր-Տնօրէն Մասիս պատուական լրագրոյ, ազգային երեսփոխան Ընդհանուր Ժողովոյ, ծնած Է, Պալատ, 1823 Հոկտեմբերի 18ին: Վիպագիրներէն ոմանք կր ջանան հաստատել թէ Իւթիւճեան ծնած ժամանակն այնպիսի հեգնական դէմք մը ունէր որ կարծես դայեակին ըսել կ՛ուզէր. Ինչ մեծ գործ տեսար: Կան պատմագիրներ որ, հակառակը պնդելով, կը զրուցեն թէ Իւթիւճեան աշխարհ փոխադրված ժամանակն այնչափ խոժոռադէմ էր որ դայեակը վախնալով ինքզինքը սենեակէն դուրս նետեց եւ, գինիի մէջ քիչ մը մոխիր խառնելով խմելէն ետքը, դրացիներուն վազեց ազդարարել թէ առջի գիշերը տեսած մէկ երազն կատարված էր: Դայեակը երազին մէջ տեսած էր որպէս թէ մէկն սագի փետուրով ահագին քարեր կր նետէր իւր վրայ: Երախայն այս բաներէն բնաւ տեղեկութիւն չունէր. իւր սովորութեանը համեմատ տասը տարի ետքը իմացաւ, սակայն այն ատեն ալ լրագիր չունէր որ Ներքին Լուրերուն մէջ հրատարակէր:

Կարապետ մօրն արգանդէն բաժնըվելուն պէս զգաց թէ մարդս պարտաւոր է նախ իր փորը գոհացնել եւ ապա բաժանորդները: Ուստի մօրը ծիծերէն կախվեցաւ եւ այնչափ անյագաբար ծծել սկսաւ որ քանի մր ամիսէն մօրը ծիծերը բոլորովին պարպեց, եւ ստիպվեցաւ մնացած ամիսներն աղուէսի կաթով անցունել:

1831ին ուսում եւ գիտութիւն առնելու համար Պալատու վարժարանը մտաւ այն ձեւով որով կը մտնէ այսօր մրգավաճառներու խանութը խնձոր առնելու համար: Դասատուներու հետ շատ անգամ կը վիճաբանէր: Ապուշ տը-