Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/51

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

արդուկն անգամ բաւական չէ շտկել զայն: Մատներն երկար են եւ աստուածաբանութիւն գրելու կոչում ունին: Ուզած ժամանակը ձայնն այնքան հաստ կը հանէ որ որոտման կարծիքը կու տայ լսողներուն:

Չամուրճեան կը նկարագրվի գետինը պառկած կռնակի վրայ եւ գիրք մը բռնած: Ճակատին վրայ մեծ տառերով վիմագրուած է Կրօնք: Դեւերու խումբ մր շրջապատած են զինք եւ զինեալ են զէնքերով որոց վրայ զրպարտութիւն դրոշմված է: Քթին վրայ միշտ կր բզզայ Մեղու մը եւ երբեմն կը խայթէ: Մասիս, Արեւելեան Մամուլ անոր վերարկուէն կը քաշեն։ Քարաքաշեան կը ներկայացնէ իրեն տղու խաղալիկ մը որուն վրայ գրված է կրօնական դրութիւն: Քովը գետնի վրայ փռված է աքաղաղ մը որ իրեն համար զոհված է երեք անգամէն աւելի խօսած չըլլալուն համար: Քանի մը հոգիներ Պատուելիին գլխուն վերեւը կայնած փրցունել կ՚աշխատին այն պսակը զոր նուիրած էր իրեն երբեմն Պատրիարքարանի հաւատաքննութեան սուրբ ատեանը։ Եւ Պատուելին իրեն շուրջը գտնըվողներուն այս հեգնութիւնները տեսնելով կը դառնայ անոնց կը նայի այնպիսի դէմքով մը, զոր մենք կ՛ունենանք երբ տասնը չորս տրամ անգղիական աղ՝ ջուրի մէջ հալեցնելով խմենք: