Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/55

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

աշխարհաբառի կը վերածէր եւ այնպէս ի լոյս կը հանէր: Եւ այն լուրերն' որոնց մէջ խորթ բառեր կը գտնըվէին՝ բնաւ չէին հրատարակվեր Մասիսի մէջ որքան ալ օգտակար ըլլային իւր ընթեբցողներուն. լաւ է, կ՛ըսէր, որ ընթերցողներս վնասվին քան թէ Մասիսի լեզուն: Զարմանալի չպիտի թուի անշուշտ եթէ յայտնեմ որ երբեմն սկզբունք ալ կը զոհէր լեզուին, եւ եթէ ապակեդրոնացականութեան դէմ այնքան յարձակեցաւ 1872ին' պատճառն ապակեդրոնացականութեան ազգին վնասակար ըլլալը չէր, այլ իւր դժուարահնչելի եւ երկար ըլլալն էր։ Կեդրոնացումը, կը պնդէր, մեր ազգին համար ամէնէն լաւն է. վասն զի կ՛ըսէր — մտքէն —, կոկիկ բառ մ՛է, եւ ականջին անուշ կը հնչէ, մինչդեռ, կ՛ըսէր— մտքէն —, կործանում է մեր ազգին ապակեդրոնացականութիւնն որ ճաշակի տէր ականջներու խորթ կուգայ: Եթէ այն ատեններն ապակեդրոնացականութեան տեղ ապակեդրոնում կամ տարակեդրոն բառը առաջարկվէր՝ շատ հաւանական էր որ ազգին շահն ազգին ականջներուն չզոհվէր: Ինչ որ ալ ըսեն իւր թշնամիները գոնէ կը միաբանին այս կէտին վրայ թէ բաւական կոկած է աշխարհաբառ լեզուն. եւ այս ճշմարտութեան համոզվելու համար 1850ի աշխարհաբառները կարդալը հերիք է: Չմոռնանք խոստովանիլ թէ՝ Իւթիւճևան իւր քերականութեան մէջ ներդաշնակութեան առաջին տեղ տուած ըլլալով՝ բաւական բառեր հարստահարած է, շատ բառեր սպաննած է. բայց այս դարուս մէջ ո՛ր բարեկարգութիւնն առանց արեան կարելի եղած է որ աշխարհաբառի բարեկարգութեան համար զոհողութիւններ չըլլան։

Ուրիշ խմբագիրներու պէս շաբաթը անգամ մը չփոխեր իւր կարծիքները: Թերեւս առարկվի թէ՝ կարծիք ըսվածը լաթի պէս է. մէկը շատ լաթ ունենալու է որ շաբաթն անգամ մը կարենայ փոխել։ Կարծիքներու մասին աղքատ չէ ինքը, մանաւանդ թէ զինքը աղքատ ամբաստանողներէն շատ աւելի հարուստ է. բայց զանոնք չփոխելը այն հիման