Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/56

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

վրայ Հաստատված է թէ՝ մարդս այն ատեն փոխելու է կարծիքը երբ կը հիննայ եւ ա՛լ չգործածվիր: Ամեն կարծիքներն իրարու ետեւէ գործածելը՝ ըստ մեզ միտքը շռայլութեան վարժեցունելու է, եւ ինքը շատ խոհեմութեամբ կը վարվի իւր կարծիքներուն վրայ հաստատ մնալով: Արժէթուղթերու գիներուն հետ ալ իր կարծիքներուն պէս կը վարվէր Մասիսի մէջ. բնաւ չէր փոխեր զանոնք:

Երբ արժէթուղթերուն գիները երկու ֆրանք բարձրանային, պէտք է, կ՚ըսէին, Մասիսի մէջ արժէթուղթ գնել եւ Ղալաթիոյ հրապարակին վրայ երկու ֆրանք շահով ծախել.

Արդարութեան ջերմ եւ նախանձախնդիր պաշտպան է: Ո՛ եւ է խնդիր մը անաչառութեամբ քննելու համար զայն կը պարզէ, անոր մէջ ճշմարտութենէ առաջ բաժանորդ կը փնտռէ. վասն զի առանց բաժանորդի ճշմարտութիւնը չպաշտպանվիր: Երբ կր տեսնէ որ ճշմարտութիւնը խոհեմութեամբ կը վարվի՝ անոր կուսակից կ՚ըլլայ. իսկ երբ կը նշմարէ որ կը յանդգնի իրեն շահուն դպչիլ՝ բոլոր ուժովը կը զինվի անոր դէմ. եւ իրաւունք ալ ունի, քանի որ անձնապաշտպանութիւնը օրէնքն ալ կը ներեն:

Շատերը իրեն մոռացկոտ բնաւորութենէն օգուտ քաղելով՝ երբեմն երբեմն յաջողած են իւր ազգօգուտ լրագրոյն մէջ հակասական նամակներ հրատարակել տալ: Բայց քանի մը տարի առաջ Շահ-Հիւսէյինի խնդրոյն նկատմամբ Փունջի դէմ բացած դատէն խրատվեցաւ եւ հիմա առջի գրածները չմոռնալու համար մատը դերձան կը կապէ:

Եւ որովհետեւ այս դատն 1875ին՝ բոլոր փաստաբաններն եւ գրագէտները յուզեց հարկ կր համարինք անոր վրայ համառօտ ծանօթութիւն մը տալ: Գրիգորիս եպիսկոպոս Ալէաթճեան, Երգնկայի առաջնորդ, իւր պաշտօնատեղին երթալէն անմիջապէս ետքը հանրածանօթ չարագործ Շահ-Հիւսէյինի դէմ նամակ մը կը գրէ Մասիսին: Սոյն նամակին հրատարակութենէն քանի մը ամիս ետքը Նորին Գերապատուութիւնը ի նպաստ Շւսհ-Հիւսէյինի նամակ մ'ալ