Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/58

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Մասիս-Անկարելի է:

Փունջ-Եթէ ծոյլ չէ՝ վախկոտ է, վասն զի վատը վախկոտ ալ կը նշանակէ:

Դատաւոր-Ես այդ բառերը Պատրիարքարան կը ղրկեմ անոնց ինչ ըլլալը կը հասկնամ եւ յետոյ ձեզի կը կանչեմ:

Բառերը Պատրիարքարան գացին եւ հոն մնացին: Եթէ օր մը ելնեն՝ հասարակութիւնը հարկաւ պիտի լսէ ու իմանայ անոնց նշանակութիւնները: Սակայն երկու խմբագիրներն պատուաւոր կերպով հաշտվեցան եւ յաղթութիւնը մնաց... երկուքին ալ քովը:

Պաշտպան է ոչ միայն ճշմարտութեան այլ նաեւ Պատրիարքներու ... որչափ ատեն որ ասոնք մնան պատրիարքական գահուն վրայ. երբ գահէն վար իջնան՝ ինք ալ կը դադրի անոնց համակարծիք ըլլալէ: Այս դարաւոր սովորութեանը շնորհիւ է որ հիմակուան ամենապատիւ Ներսէս Պատրիարքի օրով պաշտպանեց Խաչատուր կաթողիկոսը. Վանցի Պօղոս վարդապետն եւ ի տանէն Մամիկոնէից Մամբրէ եպիսկոպոսը՝ զորս կը հարուածէր Խրիմեանի օրով: Որչափ ալ անհեթեթ ըլլայ Պատրիարքի մր որոշումը՝ զայն յարգելու սովորութիւն ունի, եւ տարակոյս չունինք որ եթէ Կալիգողայի օրով խմբագրութեան պաշտօնի մէջ գըտնըված ըլլար՝ գովաբանելով պիտի դրուատէր Կալիգողայի այն որոշումն որով ձին հիւպատոս անուանել կ՚ուզէր եւ անշուշտ խմբագրական յօդուածով մը ձին ալ պիտի շնորհաւորէր ըսելով.

«Հռովմայեցիներու համար նոր դարագլուխ մը բացվեցաւ:

«Մինչեւ Հիմայ հիւպատոսները իրենց պաշտօնը չարաչար գործածելով ժողովրդեան գանգատներուն առիթ տուած էին:

«Բարեխնամ Կալիգողա կայսրը ժողովրդեան գանգատներն ու բողոքները նկատողութեան առած ժամանակը՝ փափաքելով միանգամ ընդ միշտ անոնց վերջ տալ՝ հիւպատոսն իւր պաշտօնէն հրաժարեցուց եւ անոր տեղ անուա-