Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/57

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

կը ղրկէ Մասիսին որ կը հրատարակէ իւր էջերուն մէջ: ժողովրդեան ատելի չարագործի մը Մասիսի մէջ փառաբանվիլը տեսնելով Փունջ՝ իւր պաշտօնակցին վրայ կր յարձակի ապուշ, կենդանի, քսու եւ վատ պատուանուններով: Մասիս այս պատուանուններէն վիրաւորված կ'ենթադրէ իւր անձնականութիւնն եւ ի դատ կր հրաւիրէ Փունջը: Այս դատին պզտիկ պատկերը կրնայ Համարվիլ Հետեւեալը.

դատաւոր—ինչո՞ւ համար այս մարդուն պատուոյն դպար:

Փունջ—Ես չհայհոյեցի:

Մասիս — Ինձի վատ եւ կենդանի ըսելէն ետքը հիմայ կը պնդէ որ կենդանի բառը մարդ կը նշանակէ, եւ աս Նշանակութենէ կ՚եզրակացունէ թէ ես ալ մարդ եմ:

Դատաւոր — Մարդ բառը չէ՞ք ընդունիր, անո՞ր դէմ կը բողոքէք:

Մասիս — Զէ. մարդ եմ բայց կենդանի չեմ:

Փունջ—Եթէ կենդանի չես, ուրեմն մեռեալ ես:

Մասիս—Մեռեալը դուն ես:

Փունջ—Կենդանի բառն անասուն չնշանակեր. եթէ ինձի չէք հաւատար Տէրոյէնցի, Լուսինեան Խորէն եպիսկոպոսի հարցուցէք:

Մասիս—հարցնելու պէտք չկայ, կենդանի բառը հոս գէշ մտքով դրված է:

Փունջ—Ես աղէկ մտքով դրի:

Մասիս—Վատ բառին համար ի՞նչ պիտի ըսէք:

Փունջ—Վատը ցած չնշանակեր:

Մասիս—Բա՞րձր կը նշանակէ:

Փունջ—Բարձր ալ չնշանակեր: Ես միայն այս գիտեմ որ այդ բառը քու արարքդ նշանակող բառ մ'է:

Մասիս-Հայհոյութիւն է:

Փունջ—Ոչ. վատ բառը ծոյլ, թոյլ, յոյլ կը նշանակէ:

Մասիս—Դուն ես ծոյլ, թոյլ, յոյլ ... նոյնայանգ բառերը ժողովեր եկեր է... ոտանաւոր շինելու չեկանք հոս:

Դատաւոր—Ծոյլ ըլլալը կրնա՞ս Հաստատել: