Երկրորդ մը կը ներկայանայ.
—Հա՛յր սուրբ, սենեակին պատուհանը կոտրեցաւ:
—Պատուհանը հոս բե՛ր, վրան բժշկութեան աւետարան մը կարդամ:
Երրորդ մը.
—Հա՛յր սուրբ, մազերս կը թափվին։
—Այս ջուրով գլուխդ լուա:
—Չորրորդ մը կը մտնէ.
—Հա՛յր սուրբ, անձրեւ եկած օրը սենեակս կը վազէ, ի՞նչ ընեմ:
—Այս ջուրէն քիչ մը դի՛ր սենեակիդ վրայ:
Պատրիարքարանէն մէկը.
—Հա՛յր սուրբ...
—Այս ջուրէն ա՛ռ:
—Պատրիարքը ղրկեց զիս․․․
—Պատրիարքին ալ այս ջուրէն:
—Ձեզի ըսելու որ․․․
—Ձեզի ալ այս ջուրէն:
—Քիչ մը․․․
—Այս ջուրէն:
—Պատրիարքարան հրամմէք:
—Պատրիարքարանի ալ այս ջուրէն:
—Եթէ չի գաք...
—Եթէին ալ այս ջուրէն:
—Նորէն բանտ պիտի երթաք:
—Բանտին ալ այս ջուրէն:
—Եթէ ընդդիմանաք՝ ոստիկանութեան ձեռքով․․․
—Ոստիկանութեան ալ այս ջուրէն:
—Պիտի բերվիք Փրկիչ:
—Փրկիչին ալ այս ջուրէն․
—Կառավարութիւնը...:
—Կառավարութեան ալ այս ջուրէն:
Վերջապէս ամեն ցաւերն այս ջուրով կը բժշկէր: Միայն