Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/70

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

այսահարներուն փորէն դեւերը կր հանէր, սակայն չկրնալով միշտ խոզեր գտնել որ անոնց ղրկէ, շատ անգամ իւր փորին մէջ կը հիւրընկալէր դեւերը առժամանակեայ կերպով: Պատրիարքարանն թէպէտ եւ կ'աշխատէր անոր արգելուլ տուներու մէջ մտնելն, բայց այն ատեն ամեն տուն հետաքրքրութեան համար հիւանդ գտնըվելով, չէր կրնար առաջքն առնել:

Մէկ կողմէն հրաշք կը գործէր միւս կողմէն միշտ հանգանակութիւն կ'ընէր: Ազգային եւ Քրդերէն գրականութիւնը կը ծաղկեցնէր: Քրդերէն Քերական, Լապտեր Լուրատու եւ Ընթերցարան տպել կուտար եւ տպագրութեան ծախքը ժողովրդէն կ'առնէր: Երբեմն տպարանին չէր վճարեր ծախքը․ երբ տպարանապետն երթար ոտք կոխէր եւ ստակ ուզէր, այս ջուրէն ըսելով անոր ալ ջուր կուտար։

Բաւական ժամանակ հրաշագործութեամբ ապրելէն ետքը 1861ին Բալուի առաջնորդութիւնն կ'ստանձնէ: Պաշտօնատեղին երթալէն քանի մը ամիս ետքը իւր փոքրաւորը ճամբայ կը դրվի Պօլիս գալու համար, եւ զարմանալի զուգադիպութեամբ մը փոքրաւորին կինն ալ նոյն օրը Պօլիսէն կը մեկնի Բալու երթալու համար: Լրագիրներու մէջ գոռում գոչումր կ՚սկսի: Տիգրանեանը կ՚զգայ որ նորէն մոխիր խառնած է, գիրք ցրուելու համար Բալուէն... կը փախչի։ Բ․ դռնէն հրաման կը տրվի Բալուի կառավարութեան որ Տիգրանեանը Պօլիս ղրկէ: Կը լսէ այս լուրը, Կարին կը փախչի, Կարինէն էջմիածին. ուր կաթողիկոսն զինքը չընդունիր եւ կ՚ստիպվի վեցերորդ անգամ Պօլիս դառնալ 1863ին: Յանձնաժողով մը կը կազմվի որ իւր յանցանքները քննելով տեղեկագիր մը պատրաստէ: Յանձնաժողովը նկատելով որ տեղեկագիրն տասը հատորի բարձրացաւ եւ յանցանքներուն վերջը գալիք չունի' հրաժարեցաւ պաշտօնէն:

1866ին Հալէպի առաջնորդ անուանուելով՝ Զէյթուն կը ղրկվի հոն ծագած խռովութիւնները հանդարտեցնելու համար: Զէյթուն մտնելէն երկու ամիս ետքը հինգ աղայ կ՛առ