Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/71

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

նէ հոնկից եւ անոնց դաստիարակութեանը համար կ՚սկսի ժողովրդէն դրամ հաւաքել: Յիշեալ հինգ տղայները առջեւը ձգած Եգիպտոս կ՚երթայ, հոն ալ բաւական հանգանակութիւն ընելէն ետքը Իզմիր կուգայ, Իզմիրէն Պօլիս միշտ հանգանակելով — շոգենաւի մէջ ալ: Պօլիս Ալի բաշային կը ներկայացնէ տղաները որոնց երգ մը երգել կուտայ եւ յիսուն ոսկւոյ գումար մ՚ալ նորին բարձրութենէն ընդունելով՝ տղայներն իբրեւ աղքատ ձրիաբար Փրկիչ կր դնէ եւ, Հալէպի ժողովուրդը հոգեւորապէս մխիթարելու համար նորէն ճամբայ կ՚ելնէ դրամ հաւաքելու:

1868ին եպիսկոպոսանալու համար հանրագրութիւններ պատրաստել կուտայ, եւ էջմիածին կր մեկնի, ուր եպիսկոպոսութեան աստիճան կ՚ընդունի:

Դարձեալ Պօլիս կը դառնայ եւ Զէյթունի խնդիրը կարգադրելու համար պարտք ըրած կարծելով՝ ստակ ժողովելու համար կոնդակ մը կ՚առնէ եւ Րումանիա կ՚ուղեւորի: Բաւական գումար մը կը հաւաքէ, սակայն երբ Պօլիս կուգայ եւ համար կը պահանջվի իրմէն՝ հաշուոյ տետրակները Պատրիարքարանի մէջ հրաշքով կը կորսըվին ել ինքն ալ ազատ կը մնայ հաշիւ տալէ:

1872ին Տիգրանակերտ կը քաշվի քիչ մր հանգստանալու համաար . բայց որովհետեւ երկար ատեն չէ կարող հանգիստ նստիլ, Մշոյ դաշտը կ’ելնէ եւ որչափ կոյր, կաղ, խուլ, համր մարդեր որ կը տեսնէ ամենն ալ քահանայ կր ձեռնադրէ ի փառս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ: Այս ձեռնադրութիւններուն պատճառը հարցվելով կը պատասխանէ թէ՝ այս խեղճերն արդէն քառասուն օրէ ի վեր բան մը կերած չըլլալով' իրենց ապաշխարանքն քաշած էին ել հետեւապէս իրաւունք ստացած էին քահանայ ձեռնադրվելու: Պատրիարքարանը կ՚սպառնայ. Տիգրանեան կր ծիծաղի, բայց վերջապէս օր մը կր ձերբակալվի ծառի մը տակ եզ մը քահանայ ձեռնադրած ժամանակը: Սակայն անմիջապէս թողլով նորընծայ եզն որուն փիլոն ալ տուած էր, կ՚աներեւու-