Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/79

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

վրայ առնել կ՚ուզէր, եւ երբ կրիա մնալ հարկ էր իրեն նապաստակի պէս կը վազէր: Կը կարծէր թէ համոզումներն մարդերու պէս են եւ թէ քիչ մը նեղվելուն պէս անմիջապէս կրնան ամենը մէկ կրօնքէ ուրիշ կրօնք մը գաղթականութիւն ընել ինչպէս կ՚ընեն մարդիկ մէկ քաղաքէն միւսը, մինչդեռ ամեն օր կը տեսնենք որ կաթիլ մը օղի չենք կըրնար խմցունել այն մարդուն որ քոնեաքէն ճաթելու մօտ է եւ այնպէս համոզուած է թէ քոնեաքով կրնայ... արքայութիւն երթալ։ Ազգային միութեան համար ունեցած անյաղթ սէրն էր որ ասանկ կարծիքներու մէջ կ՚առնէր կը նետէր զինքը եւ համարձակութիւն կուտար իրեն վատ անունը տալ Թղլեանի, որ հակասութեան մէջ գտնված լրագիրներու մէջ հրատարակելէն ետքը կուգար Հայ Պատրիարքարանի իրաւասութեանը ներքեւ կը մտնէր: Մինչեւ մօտ ատեններս կը հաւատար որ Հռովմայ գահը, որ Բողոքականութիւնը ծնած է, Շիշմանեանին ատենաբանութիւններն նկատողութեան առնելով պիտի հաճի տիեզերական ժողով գումարել եւ բարեփոխել իւր եկեղեցին չկորուսնելու համար ափ մը ժողովուրդ որու անունը Վատիկանու մթերատետրին մէջ անգամ նշանակված չէ: Որչափ ատեն որ բախտը ժպտեցաւ եւ Հասունեանի վրայ յաղթանակ տարաւ, բոլոր յաղթութիւններն իր կարծիքներուն առգրեց իսկ երբ բախտը քիչ ծամածռեց երեսն՝ ինքն ալ ստիպվեցաւ հրաժարական տալ իր առժամանակեայ կարծիքներուն—վասն զի վերջէն հասկցվեցաւ որ մշտնջենաւոր կարծիքներն ալ ունի—եւ ազգութիւնը շահելու համար բոնեց այն ճամբան զոր Թղլեանը բացած էր վերջին տարիներս, եւ զգացուց իր ընկերներուն որ պաշարումէն փախչիլը վատութիւն չէ:

1874ին Միջագիւղի Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյն վարժարանին մէջ տնօրէնութեան պաշտօն ստանձներ զոր կանոնաւոր կերպով շարունակեց քանի մը տարիներ: Չափազանց ճշմարտախօս ըլլալուն պատճառաւ երբեմն կը վիրաւորէր աշակերտները: Աշակերտին մէկը օր մը խելօք նստած չըլլալու