Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/80

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

համար վարժարանէն արտաքսեց եւ անոր Հօրն ալ նամակ մը գրեց գրեթէ այս իմաստով.

«...աղա, դուք մարդ չըլլալու համար երդում ըրած էք. մեր վարժարանը յիմարանո՞ց կարծեցիք հէ... ձեր զաւակը խենդին մէկն է, եւ կարծեմ թէ դուք աւելի խենդ ըլլալու էք որ ձեր տղան չէր կրցած քիչ մը կրթել: Այս օրէ սկսելով վարժարանիս դռները գոց են ձեր տղուն Համար, ուստի կը խնդրեմ որ զայն նորէն ղրկելու անկրթութիւնը չունենաք. հասկցա՞ք:

Ընդունեցէք, կ՚աղաչեմ, խորին յարգանացս հաւաստիքն որով մնամ ձեր խոնարհ ծառայ եւն։»

Նամակը կ՛ստորազրէ եւ ուսումնապետին կը յանձնէ որ տնտեսին հետ ղրկէ: Ուսումնապետը քովը կը պահէ նամակը: Հետեւեալ երեկոյ Շիշմանեան կուգայ եւ կը հարցունէ ուսումնապետին.

—Նամակը ղրկեցի՞ր:

—Ոչ կը պատասխանէ ուսումնապետն:

— Շատ խոհեմութեամբ վարված ես, վասն գրելէս ետքը ես ալ զղջացի, թէպետ եւ վիրաւորիչ խօսք մը չեմ ըսած մէջ, այնպէս չէ՞:

—Այո՛...

—Մնաք բարով:

—Երթաք բարով:

Վարժարանի տնօրէնութիւն ըրած ժամանակն ալ իւր ժամերուն մեծ մասը Հասունեան խնդրոյն կը զոհէր. Հակահասունեաններու հրամանատարն ըլլալով ամեն բան ինքը կը կարգադրէր եւ գլուխը բերելու ժամանակ չէր գտներ։ Շատ անգամներ հիւանդները տունը կ՚երթային եւ սպասաւորէն հետեւեալ պատասխանը կ'առնէին.

—Բժիշկը հոս է, բայց հիւանդ չկրնար ընդունիլ այսօր, վասն զի րէվէրսուրուսի դէմ յօդուած շինելու զբաղած է:

Ետ կը դառնային հիւանդներ եւ իրարու կ՚ըսէին.

—Մինչեւ որ Հռովմայ եկեղեցին չբարեկարգվի այս մարդը հիւանդ նայելիք չունի: