Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/82

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

—Վնսւս չունի, գրեցէ՛ք հրամանքնիդ։

—Ինձի չվայլեր:

—Կ՚աղաչեմ:

—Ոտքդ պագնեմ:

—Ձեմ ընդունիր:

—Կը բարկանամ:

—Անկարելի է։

Հիւանդին հայրը կը ներկայանայ:

-Քիչ մը շուտ ըրէ՛ք, կ'աղաչեմ, ցաւէն պիտի մեռնի:

Հիմայ, Հիմայ, կը կրկնեն երկու բարեկամները:

—Տղայութիւն մի՛ ըներ, գրէ՛ որ երթանք ուրիշ տեղ մը խօսինք:

Վերջապէս ընկերը կը հաւանի դեղագիրը տալու եւ երկուքը մէկէն դուրս կ՚ելնեն նորէն սկսելով Հասունեանի վրայ շարունակել իրենց խօսակցութիւնը:

Շիշմանեան զգալով որ ազգային միութեան խնդիրը շատ գրաւած է իր միտքը, կ՚որոշէ Պօլիսէն քիչ մը հեռանալ եւ հանգիստ ընել: 1876ին Կիպրոս կը մեկնի, ուր տարի ու կէս մնալէն վերջը Պօլիս կը դառնայ, ուսկից Տփղիս կ՚ուղեւորի. նորէն Պօլիս կը դառնայ, ուր քանի մը շաբաթ մնալէն ետքը դարձեալ ճամբայ կ՚ելնէ երթալու Համար Տփղիս ուր կը գտնըվի հիմայ:

Իբրեւ պատմագէտ մեծ համբաւ կը վայելէ եւ որուն իրաւամբ արժանի է: Միայն թէ պատմութեան կը դիմէ երբեմն այնպիսի խնդիրներու մէջ ուր պէտք էր թուաբանութեան դուռն ափ առնել: Երբ ջրավաճառն խաբէ զինք եւ յստակ ու մաքուր ջուրի տեղ պղտոր ջուր տայ, Շիշմանեան իսկոյն Պատմութիւնը ձեռք առնելով՝ գաւաթ մը ջուրի համար ջրհեղեղին պատմութիւնն ընել կ՚սկսի համոզելու համար ջրավաճառը թէ՝ Նոյ նահապետին օրով ալ ջրավաճառներուն այս պէս վարվելուն համար Աստուած ջուրին մէջ խղդեց զիրենք, թէ եթէ շարունակեն ասանկ պղտոր ջուր ծախել անկարելի կ'ըլլայ ազգային միութիւնը, թէ պղտոր ջուր ծախելը Հասունեանի հացին եղ քսել է: