Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/83

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Ոչ նուազ նշանաւոր Հանդիսացած է իւր ատենաբանութիւններով զորս արտասանած է Միջագիւղի լսարանին մէջ: Ամեն անգամ որ ատենաբանութիւնը չլմնցնէր` լսարանին սպասաւորը օթեակներուն դռները կը բանար եւ կ՚արթընցնէր անոնց մէջ գտնըվող ունկնդիրներն իմացնելով թէ ատենաբանութիւնն վերջացած է, թէ ազատ են իրենց տուներն երթալու եւ անկողին մտնելով հանգիստ քնանալու: Ունկնդիրներուն քնանալուն պատճառն այն էր որ Շիշմանեան էֆէնտին լակոնական ոճին վարժեցնել կը փափաքէին:

Ազգային թերթերու մէջ ալ երեւցած է եւ կ՚երեւի երբեմն բուն եւ երբեմն կեղծ ստորագրութեամբ: Լրագիրներն երկար տարիներէ ի վեր մէյմէկ պարահանդէսներ դարձած են. հոն դիմակով ալ կ՚ընդունվին առանց դիմակի ալ: Իսկ ես, կը զարմանամ թէ ճշմարտութիւնը խօսելու համար ինչո՞ւ ամչնայ մարդ եւ երեսը դիմակ անցունելու հարկադրվի: Թէ հրապարակի, թէ լսարաններու եւ թէ վէպերու մէջ Շիշմանեան էփէնտին աշխատած է եւ կ՚աշխատի երիտասարդներու սրտին մէջ հայրենասիրութիւն արծարծել. ուստի իւր խօսքերն միշտ սիրով մտիկ ըլլըվելու արժանի են:

Շիշմանեան էֆէնտին որչափ ալ ծեր կարծէ ինքզինքը դեռ երիտասարդ է իւր զգացումներով. երիտասարդի պէս կրակոտ է եւ երբ կէտի մը վրայ պնդէ` քար կը կտրի, բնաւ չկակուղնար եւ վայրկեան մը իրաւունք կուտայ մեզի հաւատալ Տեւկալիոնեան ջրհեղեղէն ետքը մարդերու քարերէ կազմակերպվելուն: Ծերի Հետ ծեր կ՚ըլլայ, տղայի հետ տղայ եւ կնոջ հետ կին: Զուարճախօս է ընկերութիւններու մեջ կ՚ախորժի կատակներ ընել, իսկ երբ մէկն իր մէկ արարքն հրապարակաւ հեգնէ` կրակ կը կտրի:

Քանի մը տարիներէ ի վեր Շիշմանեան էֆէնտիին գլուխն իւր արտաքին կարծիքը փոխած է. ֆեսի տեղ գլխարկ կը դնէ։ Ասկից Հետեւցնելու չէ թէ ներքինը փոխած չէ քանի որ Էջմիածնայ գիրկը կը գտնըվի այսօր։ Մազերն ուսերուն