Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/86

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Պօլիս ղրկել զինքն որպէս զի երթայ հոն դաստիարակութիւն առնէ:

1846ին Վոսփորէն ներս մտաւ Փանոսեան: Այս թուականին մէկ օրուան մէջ բարեկարգ վարժարան մր գտնելը խիստ դժուար ըլլալով՝ նախնական ուսմունքն առնելու համար ղրկվեցաւ Խասգիւղ հացագործի մը խանութը: Հոն սկսաւ քարոզել հաց առնելու համար խանութն եկող գործաւորներուն եւ արհեստաւորներուն որ իրենց գործերը թողուն եւ մարմնամարզութեան պարապին եթէ կ'ուզեն ազգին ծառայութիւն մատուցանել իր քովն աշխատող գործաւորները կր խրատէր դաշնակ եւ պար սորվիլ: Իւր քարողներն եւ խրատներն արդիւնք մը չունեցան, եւ երբ օր մը առաջարկեց տիրոջն որ խանուդը փլցունեն եւ դպրոց շինեն՝ տէրը բարկացաւ եւ պաշտօնն առաւ վրայէն:

Քանի մը ժամանակ պարապ մնալէն ետքը 1851ին, Պօլսոյ երկրագործական վարժարանն ընդունվեցաւ բարերարի մը միջամտաթեամբ: Այս ճիւղին մէջ մեծ յառաջդիմութիւն ըրաւ։ Փորձ մը ընելու համար օր մը հին կօշիկները տանը պարտէզին մէկ անկիւնը տնկեց, առտու երեկոյ ջուր տալ սկսաւ, բայց երբ տեսաւ որ կօշիկները չեն բուսնիր՝ անիծեց հողն եւ բուսաբանութիւնը եւ ազգը մարդ ընելու համար պաշտօն մը փնտռելու ետեւէ եղաւ։

1859ին խմբագրութեան ասպարէզ նետվեցաւ Միւնատիի Էրճիայաս անուն լրագիրը հրատարակել սկսելով: Ամիրան ու արհեստաւորն, կաթողիկոսն ու փոքրաւորն, հարուստն եւ աղքատն ամենը բաժանորդ էր այս լրագրին յարձակումներուն, որոնք արդարացի ըլլալով լաւ ընդունելութիւն կը գտնէին ժողովուրդէն որ մինչեւ այն ատեն կը կարծէր թէ ամիրայի մը թաշկինակին դէմ խօսիլը երկնից դէմ ապըստամբիլ էր: Այն ատենները Գերագոյն ժողովոյ մէջ անիրաւութիւնն ճշմարտութեան ներկայացուցիչն էր. բռնութիւնը զաւաղան ի ձեռին կը նախագահէր, արդարութեան աթոռին վրայ ամիրաներու կամքը բազմած էր. իրաւունքը Ֆալախա կ'անուանվէր եւ Փանոսեան իբրեւ մունետիկ փողոցներու մէջ կը պօռար.