Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/91

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը մնար: Ազգի մը յառաջադիմութիւնը, կ՚ըսէր, ոչ թԷ անոր լրագիրներէն այլ ճեմիշներէն կը ճանչցվի. եւ իբրեւ փաստ Փարիզու ճեմիշները կը ներկայացնէր իւր րնթերցողներուն այնպիսի գեղեցիկ գոյներով որ մերիններուն արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէր: Փանոսեան ամեն բանի մէջ միշտ առաջնության փափաքելով շատ անդամ սխալ քայլեր առած է, եւ իւր սխալն զգալէն ետքը շարունակած է զայն թերեւս կարծելով թէ մարդս եթէ յարատեւէ իւր սխալին մէջ այդ սխալն ուղիղի կը կերպարանափոխուի: Սոսկալի յամառ մըն է իւր սխալին մէջ: Հին իմաստասէրներէն մէկուն հարցվեցաւ օր մը թէ ի՛նչ պէտք է մէկն գինեմոլութենէ կտրելու համար, գինով մը դրէ՛ք առջին, պատասխաներ իմաստասէրն, որ ուշի ուշով քննէ զայն: Մենք ալ խրատ կուտանք յամառ զաւակ ունեցող հայրերուն որ գոնէ անգամ մը Փանոսեանը ներկայացնեն իրենց զաւակներուն: Այս յւսմառութեամբ է որ երկու տարիէ ի վեր վայրկեան մը չկորսնցներ դէմ խօսելու այն ամեն որոշումներուն զորս Պատրիարքարանը կ'ընէ ի դարման իւր ժողովրդեան վէրքերուն: Չը խղճար նաեւ վիրաւորելու այն ազնիւ երիտասարդութիւնն որ Հայաստանի մէջ ձրի ուսում ծաւալելու համար անձնուիրաբար կ՚աշխատի . փոխանւսկ անոր թերութիւնները ցոյց տալու եւ ուղղության հրաւիրելու փատի կտոր մը կ՚առնէ եւ անոր գլուխը կ'իջեցունէ: Թէպէտ եւ միշտ Արգոս կը ձեւանայ այն թերութիւններուն որ իրեն չեն դպչիր, սակայն ես լաւ գիտեմ որ սիրամարգի պոչին վրայ գտնված աչերուն երկուքն իւր աչերն են որ չեն տեսներ այն խաբեբայութիւնները եւ թեթեւութիւններն որ ազգին պատուոյն կը դպչին։ Շատ անգամ թագ կը շինէ այնպիսի անձերու որոնց ես մազերը կը փեթտեմ. եւ երբ ինքն ուրիշներուն շողոքորթ, ստախօս կ՚ըսէ, ես ալ իրաւունք չունի՞մ իրեն հարցնել թէ` բաւական սուր աչեր ունի՞ ուրիշներուն կոյր ըսելու համար: Այսու ամենայնիւ պէտք չէ կար¬ ծել թէ իւր յօդուածներուն մէջ ճշմարտութիւն լկւսյ սակայն