Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/90

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

չեմ ճանսւչեր զքեզ, սլատասխանեց Մանզումէն. Բնաւ երբէք, այդ անունով բաժանորդ չունիմ, ըսաւ Օրագիր.—Ներեցէ՞ք, մեր կեանքին մէջ բնաւ տեսած չունինք, պատասխւսնեցին երկուքը միաբերան. — Առաքինութիւն է անունս, ըսաւ.— Կարգըվա՞ծ էք Օրիորդ, հարցուց Օրագիր որ կպնդէր թէ Փանոսեան իրաւունք չունէր վարժարանը պառկելու քանի որ ամուրի էր.— Մարմնամարզութիւն գիտէ՞ք, հարցուց Մանզումէն որ մարմնամարզութենէն դուրս ամե՛ն բան իբրեւ անօգուտ կը նկատէր: Այս Հարցումներուն վրայ Առաքինութիւնը ժպտեցաւ եւ կոտրտվելով Մանզումէին գիրկը նետվեցաւ, վերջը երկուքը մէկէն գրկելով կնքել տուաւ պատուաւոր հաշտութիւն մը որ կէս ժամէն աւելի չը տեւեց: Այu վայրկենական հաշտութենէն ետքը Առաքինութիւնը թռաւ ասոնց վրայէն: Երկու բաեկամէներն քանի վայրկեան ապշած իրարու երես նայելէն ետքը բւսժնըվեցան իրարմէ իւրաքանչիւրն հետը տանելով մէյմէկ պատուաւոր հաշտութիւն։ Արեւն որ ի նշան տրտմութեան ապարանքէն դուրս չէր ելած, այս հաշտութեան վրայ իւր դէմքը ցոյց տուաւ եւ իւր լուսասփիւռ- ճառագայթները տարածելով սկսաւ- չորցնել երկու դիւցազներու վարտիքներն որ թրջված էին... քրտինքով: Այս կերպով վերջացավ ահա այս պատուավոր հաշտությունը վերջէն Uամաթիոյ մէջ այնքան յուզում պատճառեց: Փանոսեան այս պատուաւոր հաշտութեան վրայ չփոխեց լեզուն եւ ամեն անգամ որ ժուղովրդեան խօսելու կ՝ելնէր միշտ անամօթ, ստախօս, խաբեբայ ածականներէ կառաջնորդվէր։ Վարժարաններու վրայ գրած յօդուածներէն աւելի ազդեցութիւն ըրաւ այն յօդուածն որ ճեմիշներու նուիրված էր: Յիշեալ հոդվածով որուն վերնագիրն էր Մէմշէճէ Ըսլահաթ ո՛չ միայն ազգային այլ միջազգային ճեմիշներու նկարագրութիւնն ընելով անոնց բարեկարգութեանը կը պնդէր, բայց Մալթայէն Պէշիքա բերելու համար զրահաւոր չունենալու իւր առաջարկութիւնն անընդունելի